Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գրիգոր Ս. Եպս. Չիֆթճեանը


Երեքշաբթի, 16 Սեպտեմբեր 2014ի կէսօրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Ս. Եպս. Չիֆթճեանի, որ անձնական այցելութեան մը համար Լոս Անճելըս ժամանած է:

Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու մեր եկեղեցին եւ Հայաստանն ու Սփիւռքը յուզող անմիջական հարցերու շուրջ. ծանօթ է, որ յառաջիկայ օրերուն, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովը, որուն օրակարգին վրայ տեղ ունի Ցեղասպանութեան 100ամեակը, իսկ յառաջիկայ Նոյեմբերին, Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի պիտի ունենայ մեր եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Բ. Ժողովը: Հիւր Սրբազանը Հայրը անդամ է այդ ժողովէն բխած Ծիսակատարութեան յանձնախումբին, իսկ Թեմիս Առաջնորդ Սրբազանը անդամ է Նահատակներու Սրբադասման յանձնախումբին:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022