Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, 25 Յուլիս 2018-ի առաւօտուն, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանի, որ կարճատեւ այցելութեան մը համար Լոս Անճելըս կը գտնուի, իր նոր լոյս ընծայած գիրքին՝ «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի հայոց թեմում, հայկական յուշարձանների հետքերով» պատմա-ուսումնասիրական հատորին ողջունահանդէսին առիթով։
Հանդիպումը առիթ եղաւ տեղեկութիւններ փոխանակելու թեմական աշխատանքներու մասին, մանաւանդ, որ վերջերս տեղի ունեցած էր Ս. Թադէի վանքին աւանդական ուխտագնացութիւնը։ Մասնակցած են շուրջ վեց հազար ուխտաւորներ, ապահով պայմաններու մէջ հաղորդակից դառնալով մեր պատմութեան ու քրիստոնէական մշակոյթի աւանդներուն։