Չորեքշաբթի, 30 Յուլիսին Լոս Անճելըս ժամանեց Յունաստանի հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, որ կարճատեւ այցելութեամբ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներ:
Հիւր Առաջնորդ Սրբազանը յետմիջօրէին հասաւ Ազգային Առաջնորդարան եւ դիմաւորուեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ: Երկու հոգեւոր Առաջնորդները խորհրդակցութիւն ունեցան զոյգ Թեմերը յուզող հարցերու շուրջ:
Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հօր հրաւէրով, Կիրակի, 3 Օգոստոսին, Տ. Խորէն Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ: Ազգ. Առաջնորդարանի “Եկեղեցին Հայկական” պատկերասփիւռի յայտագիրը նաեւ հարցազրոյցով մը պիտի հիւրընկալէ զինք: