Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, 25 Մայիս 2016ի կէսօրին, մտերմիկ հանդիպում մը ունեցաւ Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ Բարձր.
buy medications online https://gaetzpharmacy.com/medications/ no prescription
Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի հետ, որ մեր Թեմը ժամանած էր Երկուշաբթի, 23 Մայիսի երեկոյեան: Հանդիպումին միացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երէց միաբաններէն Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան:
Երկու հիւր սրբազանները շնորհաւորեցին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդը՝ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի 44րդ նստաշրջանին, 6րդ քառամեակի մը համար Առաջնորդ վերընտրութեան առիթով, ու յաջողութիւն մաղթեցին անոր յառաջիկայ ծառայական առաքելութեան: Հանդիպումը առիթ եղաւ տեղեկութիւններ փոխանակելու երկու թեմերուն աշխատանքի մարզերուն, դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ ծրագիրներուն մասին: Խորհրդակցութեան նիւթ դարձան նաեւ Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններն ու անոնց հետեւանքները՝ հայկական գաղութներուն կեանքին վրայ:
Առաջնորդ Սրբազանը բարի կեցութիւն մաղթեց հիւր Առաջնորդ Սրբազանին: Նշենք, որ ան Կիրակի, 29 Մայիսին, Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։ Իսկ Ուրբաթ, 27 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 7ին, կազմակերպութեամբ նախկին թեհրանահայերու, ժողովրդային հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ ի պատիւ Սեպուհ Սրբազանին, Պըրպէնքի »Մարտիրոսեան« Երիտասարդական Կեդրոնին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հօր։