Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 4 Հոկտեմբերի կէսօրին Լաս Վեկաս ժամանեց, մօտէն հետեւելու համար քաղաքի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներու նորագոյն քայլերուն։
Արդարեւ, եկեղեցւոյ ծխական յանձնախումբը տեղեկագրած էր, որ շինութեան աշխատանքները ստացած են արագ թափ, ինչ որ գոհունակութեան առիթ է ծխական համայնքին ու ընդհանրապէս մեր Թեմին համար։
Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աւետիս Աւ. Քհնյ. Թորոսեանի ու ծխական յանձնախումբի ատենապետ Տիար Ատրուշան Արմէնեանի ընկերակցութեամբ, Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց եկեղեցի եւ գոհունակութիւն արձանագրեց տարուած աշխատանքին համար, բարձր գնահատելով ծխական յանձնախումբին հետեւողական աշխատանքը։
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ DREAM FUNDԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՀԵՏ
Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը հանդիպում ունեցաւ նաեւ ազգային բարերար Գըրք Գրգորեանի նախաձեռնութեամբ՝ UCLAի յարկին տակ հաստատուած Dream Fundի Լաս Վեկասի պատասխանատու-ներկայացուցիչ Լինտի Շումախըրի հետ, նկատի ունենալով, որ հիմնադրամը իշխանական նուիրատուութեամբ մը աջակից է եկեղեցւոյ ու Հայ Կեդրոնի ծրագիրին իրականացման։ Տիկին Շումախըր, ընկերակցութեամբ Տիկին Արտա Եմէնիճեանի, ժամանեց եկեղեցւոյ շինութեան վայրը եւ Առաջնորդ Սրբազանին հետ միասին ծանօթացաւ աշխատանքի ընթացքին։ Ներկայ էին նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը եւ Տիար Ատրուշան Արմէնեան։
Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց Dream Fundին կողմէ ուսումնական 2012-2013 տարեշրջանին մեր ազգային վարժարաններուն տրամադրուած յատուկ յատկացումին համար, որ մեծապէս կը նպաստէ սերնդակերտ աշխատանքին։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն ու երախտագիտութիւն արտայայտեց Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ու համայնքային կեդրոնին շուրջ ամիս մը առաջ տրամադրուած առատաձեռն նուիրատուութեան համար, մանաւանդ որ համալիրը պիտի դառնայ շրջանի հայութեան բաբախող սիրտը ու պիտի ծառայէ տարբեր սերունդներու։
Յայտնենք, որ Հինգշաբթի երեկոյ Լաս Վեկաս ժամանեց նաեւ Ազգային Վարչութեան անդամ եւ Կալուածոց Յանձնախումբի ատենապետ Տիար Վահան Պզտիկեան, ծանօթանալու աշխատանքներու ընթացքին ու մասնակից դառնալու յառաջիկայ քայլերուն մասին խորհրդակցութիւններուն։
Նշենք, որ Առաջնորդ Սրբազանին Լաս Վեկաս այցելութեան առիթով, նախատեսուած է եկեղեցւոյ գմբէթին զետեղումը (այս մասին պիտի կատարենք առանձին հաղորդում)։ Յիշեցնենք, որ գմբէթին խաչին օծումը կատարած էր Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, մեր Թեմին շնորհած հովուապետական այցելութեան ընթացքին, տարի մը առաջ։