Առաջնորդ Սրբազանը Կը Հետեւի Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ ու Մշակութային Կեդրոնի Ծրագիրներու Վերջին Փուլին


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Չորեքշաբթի, 9 եւ Հինգշաբթի 10 Յուլիսին այցելութիւն մը տուաւ Լաս Վեկաս եւ հանդիպումներ ունեցաւ Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին՝ Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեանի ու ծխական յանձնախումբի անդամներու հետ, հետեւելու համար Եկեղեցւոյ ու յարակից կառոյցներու շինարարական ու բարեզարդման աշխատանքներուն:

Չորեքշաբթի երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազանը ծխական համայնքի նոր սեփականութիւնը դարցած երիցատան մէջ ունեցաւ առաջին հանդիպումը, ուր նախ կատարեց նորակերտ տան օրհնութեան արարողութիւնը: Ապա, հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ ու անոր կից գտնուող Մշակութային Կեդրոնի շինարարական նորագոյն եւ վերջին փուլի աշխատանքներուն ընթացքը: Որոշուեցաւ Մշակութային Կեդրոնին ու “Աբրահամ եւ Վերժին Գուճաքեան” սրահին շինութեան ու բարեզարդման ամբողջացման առիթով տօնակատարութիւն մը ունենալ 18 եւ 19 Հոկտեմբերի շաբաթավերջին:

Հինգշաբթի օր, Առաջնորդ Սրբազանը, հոգեւոր հովիւին ու ծխական յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ, քննական այցելութիւն մը տուաւ եկեղեցի ու կողքի սրահը, ծանօթանալու համար շինարարութեան երրորդ ու վերջին փուլի աշխատանքներու ընթացքին: Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ յատկապէս շինարարութեան յանձնախումբի հետեւողական աշխատանքին մասին եւ մաղթեց, որ այս ծրագիրը իր լրումին հասնի յաջողութեամբ ու անարգել:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022