Առաջնորդ Սրբազանը Անթիլիասի Մէջ Մասնակցեցաւ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Նիստերուն


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան շաբաթասկիզբին Անթիլիաս մեկնեցաւ, ուր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յարկին տակ մասնակցեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերուն եւ անոնց զուգահեռ հանդիպումներուն։

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ժողովները տեղի ունեցան նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, որ նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ թեմակալ առաջնորդներու եւ ներկայացուցիչներու հետ։

Կրօնական, դաստիարակչական, տնտեսական, վարչական, յարաբերական, միջ-եկեղեցական եւ այլ հարցերու շարքին, Ազգ. Կեդրոանական Վարչութիւնը յատուկ կարեւորութեամբ քննարկեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչուած ծրագիրներ ու աշխատանքներ, թէ՛ Կաթողիկոսարանի եւ թէ՛ թեմական մակարդակներու վրայ:

Առաջնորդ Սրբազանը ժողովին զեկուցում մը ներկայացուց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով մեր Թեմին մէջ նախատեսուած ձեռնարկներուն ու աշխատանքներուն մասին։

Լիակատար նիստերուն կողքին, Առաջնորդ Սրբազանն ու Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան մեր Թեմի անդամները՝ Տեարք Խաժակ Տիքիճեան, Վահէ Եագուպեան եւ Վիգէն Գասապեան առանձին հանդիպում մը ունեցան Վեհափառ Հայրապետին հետ, խորհրդակցելով Ս. Աթոռին հետ մեր Թեմի գործակցութեան հեռանկարներն ու ծրագրները։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022