18էն 20 Յունուար 2017, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս գումարուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներու լիակատար նիստերը, մասնակցութեամբ կաթողիկոսութեան թեմերէն յիշեալ մարմիններուն անդամ հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան մասնակցեցաւ այս ժողովներուն: Ժողովներուն մասնակցեցաւ նաեւ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան մեր Թեմի անդամներէն՝ Տիար Վահէ Եագուպեան:
Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները ունեցան առանձին նիստեր, իսկ ընդհանրական բնոյթ ունեցող հարցերու գծով ունեցան խառն ժողովի նիստեր։
Ժողովները զեկոյցներ ստացան տարբեր կալուածներու մէջ տարուած աշխատանքներուն մասին, տեղի ունեցան քննարկումներ. իւրաքանչիւր հարցի մասին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Վեհափառ Հայրապետը։
Քննարկումներուն հիմամբ տրուեցան որոշումներ՝ յառաջիկայ շրջանին համար գործադրելի։ Վեհափառ Հայրապետը իր բացման թէ փակման խօսքերուն մէջ ընդգծեց հետեւեալ կէտերը.-
ա) Մեր եկեղեցւոյ կողմէ կատարուած որեւէ աշխատանք սովորական գործունէութիւն չէ, այլ իր էութեամբ ու նպատակով առաքելութիւն է. հետեւաբար, այս հայեցակէտով պէտք է արժեւորել մեր Սուրբ Աթոռին կողմէ կատարուած որեւէ աշխատանք։ բ) Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը պէտք չէ դիտել նեղ շրջագիծի մէջ, այլ համահայկական ծիրի մէջ, իր կրօնական ու ազգային երեսներով, տարածքներով ու արտայայտութիւններով։ գ) Մեր Աթոռը իր առաքելութիւնը կը կատարէ համարատուութեան ու պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ, հեռու քարոզչական եւ զգացական մօտեցումներէ։ Հետեւաբար, կատարուած աշխատանքի արժեւորումը պէտք է ըլլայ իրապաշտ մօտեցումով։ դ) Մեր եկեղեցւոյ առաքելութիւնը կը կատարուի ներկայ յարափոփոխ աշխարհին մէջ. հետեւաբար, մեր աշխատանքներն ու ծրագրումները պէտք է ըլլան համահունչ մեր ժողովուրդին ներկայ պայմաններուն, բնականաբար առանց հեռանալու մեր եկեղեցւոյ ու ազգին հիմնական արժէքներէն ու աւանդութիւններէն։
Ստորեւ ամփոփ գիծերով կը ներկայացնենք կատարուած քննարկումներուն եւ տրուած որոշումներուն ընդհանուր պատկերը.-
1) Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութեան մայր ջիղն է։ Հայ եկեղեցւոյ պարագային, կարելի չէ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը անջատել հայեցի դաստիարակութենէն։ Մեր ժողովուրդի ներկայ պայմանները, յատկապէս սփիւռքի մէջ, կը պարտադրեն, որ հայ մարդու քրիստոնէական ու ազգային կազմաւորումը կատարուի այս երկու տարածքներու ներդաշնակ կիրառումով։ Ընտանիքը, դպրոցը եւ եկեղեցի առանցքային դեր ունին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը թէ՛ ազգային վարժարաններու եւ թէ քրիստոնէական դաստիարակութեան առնչուած ծրագիրներու ճամբով, պէտք է շարունակէ յատուկ կարեւորութիւն ընծայել քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեան։ Կրօնի դասաւանդութիւնը հայ դպրոցին մէջ կարիք ունի առաւել կազմակերպման։ Իսկ քրիստոնէական դաստիարակութեան գծով, ժողովրդային հրատարակութիւնները, Սուրբ Գրոց սերտողութիւնները, ընկերային ցանցերու ազդու գործածութիւնը, ընկերաբարոյական հարցերու շուրջ դասախօսութիւններու կազմակերպումը անհրաժեշտ է որ շարունակուին մասնաւորաբար ծուխերուն մէջ։ Կաթողիկոսարանը այս ուղղութեամբ միշտ պատրաստ է միաբան հայրերու ճամբով եւ այլ միջոցներով առաւելագոյն չափով օգտակար դառնալ մեր թեմերու աշխատանքներուն։
2) Երիտասարդութիւնը պէտք է մնայ մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան սեւեռակէտը։ 2009 տարին Վեհափառ Հայրապետը «Երիտասարդութեան Տարի» հռչակած էր։ Այս նախաձեռնութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ, որ մեր թեմերը յատուկ կարեւորութիւն ընծայեն երիտասարդութեան՝ շարք մը գործնական քայլերու դիմելով։ Նորին Սրբութիւնը յաճախակի կերպով հանդիպումներ ու երկխօսութիւններ ունեցած է երիտասարդներուն հետ։ Երիտասարդական միութիւններ ստեղծուած են ու հաւաքներ կազմակերպուած՝ թէ՛ թեմական եւ թէ Կաթողիկոսութեան մակարդակներու վրայ։ Հարկ է որ այս աշխատանքները շարունակուին, հեռու մնալով ձեւական նախաձեռնութիւններէ եւ կարեւորութիւն տալով երիտասարդութիւնը յուզող հարցերու քննարկման, ինչպէս նաեւ երիտասարդները համախմբելով մեր եկեղեցւոյ ու գաղութներուն շուրջ։ Այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է երիտասարդները հաղորդ դարձնե երիտասարդութեան առնչուած Վեհափառ Հայրապետի լ հայերէն, անգլերէն ու ֆրանսերէն լեզուներով գրութիւններուն։
3) Միջ-եկեղեցական շարժումը եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր բնագաւառներէն մէկն է։ Մեր Աթոռին աշխոյժ ներկայութիւնը այս շարժումին մէջ կը շարունակուի թէ՛ միջ-եկեղեցական կառոյցներու եւ թէ աստուածաբանական երկխօսութեան ճամբով։ Գլխաւոր եկեղեցիներուն եւ եկեղեցական ընտանիքներուն հետ եւս մեր Աթոռին յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը վերանորոգ թափով կը շարունակուի։ Անհրաժեշտ է որ մեր թեմերուն մէջ եւս միջ-եկեղեցական շարժումին յատուկ կարեւորութիւն տրուի, շեշտը դնելով գործակցութեան վրայ։
4) Միջ-կրօնական յարաբերութիւնը ներկայ աշխարհին մէջ դարձած է հրամայական։ Այս շրջագիծէն ներս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը յատուկ կարեւորութիւն ստացած են ո՛չ միայն Միջին Արեւելքի, այլ բոլոր ընկերութիւններու կեանքին մէջ։ Մեր Ս. Աթոռը կը շարունակէ հետեւողական մասնակցութիւն բերել քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը աւելի ամրապնդող բոլոր նախաձեռնութիւններուն։ Թելադրելի է, որ թեմերուն մէջ եւս տեղական պայմաններու համապատասխան մօտեցումով մասնակից դառնանք նման աշխատանքներու։
5) Դպրեվանքը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեանքին ու առաքելութեան մէջ առանցքային տեղ կը գրաւէ։ Հոգեմտաւոր կազմաւորումի ճամբով Դպրեվանքը մշակներ կը պատրաստէ հայ ժողովուրդին եւ մասնաւորաբար մեր եկեղեցւոյ ծառայութեան նուիրուելու։ Ողջունելով մարդուժի պատրաստութեան նպատակով վերջին տարիներուն Դպրեվանքի կատարած կարեւոր իրագործումները, շեշտուեցաւ բոլոր թեմերուն մէջ նոր աշակերտներ արձանագրելու հրամայականը։
6) Քահանայից պատրաստութեան դասընթացքը կրթական անկախ միաւոր մըն է Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Դասընթացքին մասնակցող սարկաւագներ ու քահանայացուներ նաեւ յատուկ դասերու կը հետեւին Դպրեվանքին եւ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական ճեմարանին մէջ։ Վերջին տարիներուն յիշեալ կառոյցը վերակազմակերպուեցաւ նոր դասանիւթերու եւ ուսուցիչներու յաւելումով։ Այս ծիրին մէջ վերաշեշտուեցաւ թեմերու մէջ ծառայելու կոչուած քահանայացուներու ընտրութիւնը խնդրոյ առարկայ թեմերուն մէջ կատարելու անհրաժեշտութիւնը։
7) Յատուկ կարկեւորութեամբ ընդգծուեցաւ Եպիսկոպոսաց Ժողովի աշխատանքներուն շարունակման կարեւորութիւնը։ Հայ եկեղեցւոյ բարեկարգութիւնը ունենալով որպէս հիմնական նպատակ՝ Եպիսկոպոսաց Ժողովները հարկ է որ իրենց աշխատանքները դարձնեն աւելի կազմակերպ ու հետեւողական, քննելով այնպիսի նիւթեր, որոնք մեր եկեղեցւոյ ներկայ կեանքին ու առաքելութեան հետ սերտ աղերս ունին ու կը ծառայեն մեր եկեղեցին ժողովուրդի կեանքին մէջ դարձնելու կենդանի ներկայութիւն։
8) Հայ եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու միջեւ սերտ գործակցութիւնը, մասնաւորաբար մեր եկեղեցւոյ ընդհանրական հարցերուն ու համահայկական խնդիրներուն շուրջ, նկատուեցաւ յոյժ կարեւոր։ Անցնող տարիներու գործակցութիւնը պէտք է խթան դառնայ աւելի ամրապնդելու մեր եկեղեցւոյ ներքին միութիւնը, բնականաբար նկատի ունենալով կրօնաքաղաքական տարբեր միջավայրերու մէջ գործող նուիրապետական մեր սուրբ Աթոռներու ներքին դրուածքները, իւրայատկութիւնները ու դիմագրաւող մարտահրաւէրները։
9) Հայ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներուն հետ հայ եկեղեցւոյ գործակցութեան ծաւալումը միշտ պէտք է մնայ առաջնահերթութիւն՝ մեկնելով համահայկական մտածողութիւնն ու գործակցութիւնը առաւել արմատացնելու յանձնառութենէն։ Հակառակ դաւանական տարբերութիւններուն, մեր եկեղեցիները հայկական եւ քրիստոնէական նոյն արմատները ունին. հետեւաբար, ներքին գործակցութեան ամրապնդումը, յատկապէս գաղութներու կեանքին մէջ նկատուեցաւ կենսական։
10) Ընկերային ծառայութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր դաշտերէն մէկն է։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Ազունիէի Ազգ. Բուժարանին, Ազգային Ծերանոցին, «Թռչնոց Բոյն»ին, Ժողովրդային տուներու ծրագիրին եւ այլ նախաձեռնութիւններու ճամբով կը շարունակէ օգտակար հանդիսանալ մեր ժողովուրդի կարիքներուն։ Մեր Սուրբ Աթոռին թեմերը եւս, իրենց ներքին պայմաններուն ու շրջապատին համապատասխան մօտեցումներով, անհրաժեշտ է որ շարունակեն մեր եկեղեցւոյ ընկերային ծառայութիւնը, զայն նկատելով առաջնահերթութիւն։
11) Աստուածաշունչի արեւմտահայերէնի թարգմանութիւնը, զոր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռութեամբ սկիզբ առած էր շուրջ 25 տարի առաջ, կը շարունակուի։ Նոր Կտակարանը արդէն իսկ ամբողջացած ու հրատարակուած է, իսկ Հին Կտակարանին մէկ մասը թարգմանուած է։ Ողջունելով այս մարզին մէջ կատարուող աշխատանքը, շեշտուեցաւ մօտ ապագային զայն ամբողջացնելու անհրաժեշտութիւնը։
12) Մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ հոգեւոր արժէքներու նկատմամբ մեր զաւակներուն տակաւ աճող նախանձախնդրութիւնը նկատուեցաւ մեծապէս գնահատելի։ Շեշտուեցաւ աստուածաշնչական սերտողութիւններու եւ հոգեւոր հաւաքներու կենսական կարեւորութիւնը։ Նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ հոգեւոր եղբայրակցութիւններու գործունէութեան, յիշեցնելով մեր եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործելու, ինչպէս նաեւ մեր եկեղեցւոյ դաւանական ու աստուածաբանական ուսուցումներու համահունչ գործելու հրամայականը, հետեւելով մեր Սուրբ Աթոռին կողմէ պատրաստուած եւ հոգեւոր եղբայրակցութեանց գործունէութեան յստակ ուղղութիւն տալու կոչուած ուղեգիծին։
13) Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը յատուկ կարեւորութիւն կու տայ կանոնագրութեան։ Կաթողիկոսութիւնը ունի իր ընդհանուր կանոնագրութիւնը՝ Ազգային Սահմանադրութեան հիմնական սկզբունքներէն առաջնորդուած։ Նաեւ իւրաքանչիւր թեմ ունի իր կանոնագրութիւնը՝ նոյն սկզբունքներու հիման վրայ պատրաստուած եւ տեղական պայմաններուն պատշաճեցուած։ Կարգ մը թեմեր կանոնագրային որոշ բարեփոխումներ առաջարկած էին։ Յառաջիկային առաջարկուած բարեփոխումները պիտի քննարկուին եւ պիտի վաւերացուին Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։
14) Ժողովական աշխատանքներուն մաս կազմեց 2016ին իրագործուած պիւտճէին եւ 2017ի նախահաշիւի քննարկումն ու վաւերացումը։ Ժողովականներ բարձր գնահատանք արձանագրեցին, որ շուրջ մէկուկէս միլիոն տոլարի պիւտճէով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հսկայ առաքելութիւն կը կատարէ իր զանազան բաժանմունքներու ճամբով։ Եւ հակառակ յիշեալ փոքր պիւտճէին, նկատուեցաւ, որ տուեալ պիւտճէին մէկ-երրորդ համեմատութիւնը միշտ կը մնայ բաց։ Շեշտուեցաւ Կաթողիկոսարանին կողմէ կատարուող զանազան աշխատանքներուն համար՝ կրօնական դաստիարակութիւն, մանկավարժական կեդրոն, հայագիտական դասընթացք, արեւմտահայերէնի պատշպանութեան ծրագիր, Դպրեվանք, քահանայից պատրաստութիւն, եւլն., անհատ բարերարներու նուիրատուութեամբ յատուկ հիմնադրամներ հաստատելու անյետաձգելի կարիքը, որպէսզի Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը դառնայ աւելի հեզասահ, հեռու տնտեսական առօրեայ մտահոգութիւններէ։
15) Կալուածական-շինարարական մարզէն ներս անցնող տարուան ընթացքին կատարուած աշխատանքները նկատուեցան գնահատելի, յատկապէս Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի բարեզարդման առնչուած։ Այս մարզին մէջ նոր ծրագիրներու իրագործումը՝ միաբանական նոր շէնք ու գերեզմանատուն Պիքֆայայի մէջ, նոր սրահ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, նոր մատենադարանի շինութիւն, «Կիլիկիա» Թանգարանի ընդլայնում, եւլն. կը կարօտին անհատ բարերարներու։
16) Բարձր գնահատանք արձանագրուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գործող կրթական ու մշակութային հետեւեալ կառոյցներու գործունէութեան համար.- ա) Մանկավարժական Կեդրոն, որ ներկայ կրթական տարեշրջանին ունի 18 աշակերտներ՝ պետական BT վկայականին պատրաստուող. Բ) Հայագիտական դասընթացք, որուն ներկայ տարեշրջանին կը մասնակցին 34 ուսանողներ. Գ) Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողով, որուն մաս կը կազմեն 27 մտաւորականներ զանազան գաղութներէն։
17) Ժողովը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Սուրբ Աթոռին նախաձեռնութեամբ շուրջ երեք տարիներ առաջ Արցախի մէջ կեանքի կոչուած «Նոր Կիլիկիա» գիւղի շինութեան ծրագիրին երրորդ հանգրուանը արդէն իսկ աւարտած է եւ յառաջիկայ գարնան անոր պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ։ Թելադրուեցաւ, որ յիշեալ ծրագիրը շարունակուի մեր թեմերու եւ անհատ բարերարներու գործօն մասնակցութեամբ։
18) Զեկոյց տրուեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքի դատին շուրջ։ Յիշեալ դատը, մերժուելէ ետք Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին կողմէ, 6 Դեկտեմբեր 2016-ին, ներկայացուած է Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարան։ Այս ուղղութեամբ Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած էր մամլոյ ասուլիս, յառաջիկայ ամիսներուն եւս նմանօրինակ մամլոյ ասուլիսներ պիտի կազմակերպուին Պէյրութի, Փարիզի եւ Ուաշինկթընի մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իրաւական այս քայլին կարեւորութիւնը անգամ մը եւս վեր առնուեցաւ ու առաջարկուեցաւ այս գործընթացը շարունակելու կարելիութիւններու հետապնդումը։
19) Ժողովը լայն կերպով անդրադարձաւ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի յառաջիկայ աշխատանքներուն։ Ան իր խոր գնահատանքը ու ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց սուրիական տագնապի վերջին հինգ տարիներուն կատարուած օժանդակութիւններուն, Վեհափառ Հայրապետին նախ Քեսապ, Լաթաքիա, Թարթուս, եւ ապա Հալէպ կատարած այցելութիւններուն, եւ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի գծով իր կատարած կոչին համար։ Կատարուեցան քննարկումեր ու շեշտուեցաւ ամբողջական ու գործօն մասնակցութեամբ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումին նեցուկ կանգնելու հրամայականը՝ իբրեւ համահայկական առաջնահերթութիւն։
20) Որոշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր ժողովը գումարել 5-8 Դեկտեմբեր 2017-ին։