Առաջնորդ Սրբազանը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Մասնակցեցաւ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Ժողովներուն


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 12 Փետրուար 2016ին վերադարձաւ մեր Թեմը, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ մասնակցելէ ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի նիստերուն, ինչպէս նաեւ Թեմակալ Առաջնորդներու ու Ազգային Իշխանութեանց հաւաքական հանդիպումներուն, որոնք տեղի ունեցան 9էն 11 Փետրուարին, հրաւէրովն ու նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։

Ժողովին մասնակցեցան նաեւ մեր շրջանը բնակող Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի անդամներ՝ Տեարք Խաժակ Տիքիճեան եւ Վահէ Եագուպեան, եւ Ազգային Վարչութեան փոխ ատենապետ Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան։

Ստորեւ կը հաղորդենք Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան ժողովներուն մասին Կաթողիկոսարանի տեղեկատուութեան բաժանմունքէն տրուած մանրամասնութիւններ:

Կրօնական Ժողովին ներկայացուած զեկոյցներուն լոյսին տակ, քննարկուեցան քրիստոնէական դաստիարակութեան, երիտասարդական, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութեանց բաժանմունքներուն տարած աշխատանքները, իրագործումներն ու ծրագիրները։ Կրօնական Ժողովը, իր գնահատանքը յայտնելէ ետք յիշեալ մարզերէն ներս կատարուած աշխատանքներուն, շեշտեց աշխատանքները նոյն թափով շարունակելու կարեւորութիւնը, նկատի ունենալով մեր եկեղեցւոյ կեանքէն ներս քրիստոնէական դաստիարակութեան ու երիտասարդութեան առաջնահերթութիւն տալու հրամայականը, միաժամանակ՝ ժամանակակից աշխարհին մէջ միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութեան անհրաժեշտութիւնը։

Կրօնական Ժողովը նաեւ քննարկեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Աստուածաշունչի արեւմտահայերէն թարգմանութեան ընթացքը, հրատարակչական աշխատանքները եւ Դպրեվանքի առաքելութեան առնչուած շարք մը հարցեր։ Կրօնական Ժողովը անդրադարձաւ Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 20-ամեակին։ Կրօնական Ժողովը նաեւ ողջունեց մեր եկեղեցւոյ երկու Վեհափառ Հայրապետներուն նախագահութեամբ տեղի ունեցած Եպիսկոպոսաց Ժողովի զոյգ հանդիպումները, առաջարկեց, որ եպիսկոպոսաց ժողովները շարունակուին աւելի կազմակերպ ու հետեւողական կերպով եւ առաջնահերթութեանց ճշդումով, միաժամանակ շեշտելով մեր եկեղեցւոյ վերանորոգութեան անյետաձգելի հրամայականը։

Կրօնական Ժողովը ողջունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան անդամներուն աճը, շարք մը միաբաններու համալսարանական ուսման հետեւիլը, ինչպէս նաեւ անոնց նուիրեալ ծառայութիւնը՝ Կաթողիկոսարանին ու թեմերուն մէջ:

Քաղաքական Ժողովը, իր լիակատար նիստի առաջին բաժնին մէջ, զեկոյցներ լսեց Կաթողիկոսարանի ընկերային ծառայութեան առնչուած՝ յաջորդաբար հետեւեալ հաստատութիւններէն.- Թռչնոց Բոյն, Ազունիէի Բուժարան եւ Ազգային Ծերանոց։ Յիշեալ կեդրոններու խնամակալները, վերջին շրջանի իրենց կատարած աշխատանքներուն առընթեր, ժողովին ուշադրութեան յանձնեցին կարգ մը ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւններ՝ յատկապէս յիշեալ կառոյցներու տնտեսական իրավիճակին գծով։ Ժողովը իր գնահատանքը յայտնեց մեր ժողովուրդի ընկերային ծառայութեան նուիրուած այս հաստատութիւններու աշխատանքին մասին, շեշտելով որ ոչ մէկ հայ՝ հիւանդ, կարիքաւոր կամ որբ անտէր ու անօգնական պէտք է մնայ, եւ յիշեցնելով յիշեալ հաստատութիւններուն նիւթապէս աջակցելու հրամայականը, որպէսզի անոնք կարենան շարունակել իրենց ընկերային ծառայութիւնը։

Ժողովը նաեւ զեկոյցներ ստացաւ Կաթողիկոսարանի մանկավարժական կեդրոնին, հայագիտական բաժանմունքին եւ արեւմտահայերէնի յանձնաժողովի պատասխանատուներէն։ Երկար քննարկումներէ ետք, ժողովը վերաշեշտեց Սուրբ Աթոռին կողմէ այս մարզերուն մէջ կատարուած աշխատանքներուն կենսական կարեւորութիւնը։

Ժողովը մանրամասն զեկոյց մը ստացաւ Կաթողիկոսարանի կալուածներու եւ շինարարական յանձնախումբէն։ Նկատելի էր, որ անցնող շրջանին հսկայ աշխատանք տարուած է այդ ծիրին մէջ, յատկապէս Թռչնոց Բոյնի ու Պիքֆայայի մէջ։ Ժողովը իր գնահատանքը յայտնեց կալուածոց տեսչութեան, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսարանի բոլոր այն բարերարներուն, որոնք իրենց առատաձեռն նուիրատուութեամբ մասնակից դարձած են Կաթողիկոսարանի առաքելութեան առաւել ծաւալման։

Ժողովը քննարկեց 2015ին իրագործուած պիւտճէն ու վաւերացուց 2016ի պիւտճէական նախահաշիւը։ Ժողովը հաստատեց, որ Կաթողիկոսարանի շուրջ երկու միլիոն տոլարի հասնող տարեկան պիւտճէով, հսկայ գործ կը կատարուի, սակայն նաեւ մտահոգութիւն արձանագրեց, որ Կաթողիկոսարանի ընթացիկ պիւտճէին աւելի քան մէկ-երրորդը բաց է։

Վերջապէս, Քաղաքական ժողովը զբաղեցաւ թեմերուն առնչուած կարգ մը հարցերով եւ իր անհրաժեշտ թելադրութիւնները կատարեց։

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան, Թեմակալ Առաջնորդներու ու Ազգային Իշխանութեանց ներկայացուցիչներու միատեղ հանդիպման ընթացքին, ընդհանուր արժեւորումը կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կատարուած իրագործումներուն։ Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատանք արձանագրեց, որ բոլոր թեմերէն ու գաղութներէն ներս միասնական ոգիով ու հաւաքական աշխատանքով նշուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը, եւ շեշտեց մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հետապնդման աշխատանքները պահանջատիրական նոյն կեցուածքով շարունակելու հրամայականը։ 100-ամեակի աշխատանքներու ծիրին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը զեկուցեց Սիսի Կաթողիկոսարանի դատին գծով տարուած ախատանքներուն մասին։ Ներկաները ողջունեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմական ու վճռական այս քայլը։

Ժողովը անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ ընդհանրապէս Սփիւռքի ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յարաբերութեանց, շեշտեց Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան կարեւորութիւնը, եւ այդ մասին արձանագրեց կարգ մը նկատողութիւններ։

ժողովը հանգամանօրէն քննարկեց Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած տագնապը՝ իր զանազան երեսներով, լսելէ ետք Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Սրբազանին ու Ագգային Իշխանութեան ներկայացուցչին զեկոյցները։ Ժողովը գնահատանք արձանագրեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակից են Սուրիոյ հայութեան տրամադրուած նիւթական աջակցութեան, շեշտելով այդ աջակցութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը։ Ժողովը նաեւ արձանագրփց, որ անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է Արցախի «Նոր Կիլիկիա» գիւղի շինարարութեան վերջին հանգրուանին իրագործումը:

Որոշուեցաւ յառաջիկայ Ազգային Ընդհանուր Ժողովը գումարել 2017-ի Յունիսի սկիզբը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022