Առաջնորդ Սրբազանը Անթիլիասի Մէջ Մասնակցեցաւ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Նիստերուն

Երեքշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան լիակատար նիստերը, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին:

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան մասնակցեցաւ Կրօնական եւ Խառն Ժողովի նիստերուն, իսկ մեր Թեմէն Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի անդամ Տիար Վահէ Եագուպեան մասնակցեցաւ Քաղաքական եւ Խառն Ժողովի նիստերուն։

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Կրօնական Ժողովի նիստը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 29 Հոկտեմբերին, որու ընթացքին քննարկուեցան հետեւեալ նիւթերը. Քրիստոնէական դաստիարակութիւն, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութիւններ, երիտասարդութիւն, ամառնային երիտասարդական սեմինար, քահանայից պատրաստութիւն, Դպրեվանք, տեղեկատուական աշխատանքներ, ՀԱՍԿ պաշտօնաթերթ, ընկերաբարոյագիտական հարցեր, Աստուածաշունչի թարգմանութիւն, Հայրապետական ու Հանրապետական մաղթանքներու վերամշակում, ծիսական հարցեր, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներուն հետ գործակցութիւն, Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 25-ամեակի նշում, եւ Թեմերէն եկած մտահոգութիւններ ու առաջարկներ։

Իւրաքանչիւր հարցի քննարկման ընթացքին ու աւարտին, Նորին Սրբութիւնը ժողովականներուն փոխանցեց իր մտածումներն ու մտահոգութիւնները՝ կատարելով անհրաժեշտ արժեւորումն ու եզրակացութիւնը։ Ան յատկապէս շեշտեց հետեւեալ կէտերը.

ա) Յատուկ ուշադրութիւն հարկ է ընծայել մեր եկեղեցւոյ քրիստոնէական դաստիարակութեան ու ընկերային ծառայութեան: Հետեւաբար, բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ աշխատանքները պէտք է կատարուին մեր Թեմերէն ներս, տուեալ պայմաններուն ու դրուածքներուն համապատասխան մօտեցումով:

բ) Մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր արժէքներուն տարածումը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս անյետաձգելի առաջնահերթութիւն մըն է։ Անհրաժեշտ է նոր մղում ու ծաւալ տալ հոգեւոր արժէքներու կենսագործման մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս՝ առաւելագոյն չափով օգտագործելով արհեստագիտական ազդու միջոցները:

գ) Երիտասարդութիւնը մեր եկեղեցւոյ առաջնահերթ մտահոգութիւններէն մէկն է։ Պէտք չէ բաւարարուինք լսարաններ, համագումարներ, ուխտագնացութիւններ կազմակերպելով, այլ անհրաժեշտ է երկխօսութիւն ունենալ երիտասարդներուն հետ, հաղորդ դառնալ անոնց մտահոգութիւններուն: Մե՛նք պէտք է մօտենանք երիտասարդներուն փոխանակ սպասելու, որ իրենք մօտենան մեր եկեղեցւոյ ու համայնքին:

դ) Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ քահանայից պատրաստութեան՝ յիշեցնելով, որ մեր եկեղեցւոյ ներկայ քահանայից դասը իր պատրաստութեամբ ու նուիրումով չի համապատասխաներ մեր ժողովուրդի սպասումներուն ու կարիքներուն: Այս ուղղութեամբ մեր կատարած աշխատանքը պէտք է կրկնապատկել՝ պատրաստելով այնպիսի սերունդ մը, որ ոչ միայն գիտութեամբ լեցուն ըլլայ, այլ նաեւ մեր ժողովուրդի ներկայ պայմաններուն ու մարտահրաւէրներուն հաղորդ եւ նուիրումով ծառայելու պատրաստ:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Քաղաքական Ժողովի նիստը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 30 Հոկտեմբերին, որու ընթացքին քննարկուեցան հետեւեալ նիւթերը. Շինարարական աշխատանքներ, տնտեսական կացութիւն, Ֆանարի ժողովրդային տուներ, Ճիպէյլի ծրագիր, «Նոր Կիլիկիա» գիւղ (Արցախ), Թեմերուն առնչուած հարցեր եւ Կաթողիկոսարանին առնչուած կառոյցներ։

ԽԱՌՆ ԺՈՂՈՎ

Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու միացեալ նիստը գումարուեցաւ Հինգշաբթի, 31 Հոկտեմբերին, որու ընթացքին քննարկուեցան հետեւեալ նիւթերը. Թեմերու վերակազմակերպման գործընթացք, Սուրիոյ հայութեան վերականգնում, Սիսի Կաթողիկոսարանի դատ, գործակցութիւն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան հետ, գործակցութիւն Հայաստանի ու Արցախի հետ, եւ Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 25-ամեակը։

Վերոյիշեալ հարցերուն գծով Նորին Սրբութիւնը լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց ներկաներուն, միաժամանակ կատարելով իր արժեւորումը։ Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ ան շեշտեց հետեւեալ կէտերը.

ա) Ինչպէս մեր եկեղեցին ժողովուրդին կը պատկանի, որովհետեւ ժողովուրդն է եկեղեցին, այնպէս ալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։ Ա՛յս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ մեր Ս. Աթոռը լծուած է իր ծառայութեան։ Մեր կեանքն ու աշխատանքը թափանցիկ են. մեր կարելիութիւններն ու թերութիւնները դարձեալ թափանցիկ են։ Մենք միշտ հեռու մնացած ենք քարոզչական մօտեցումներէ։ Մեզի համար հիմնականը մեր ժողովուրդին ծառայութիւնն է։ Ա՛յս ոգիով ու հեռանկարով մենք կը գործենք որպէս Հայրապետական Աթոռ եւ Մեր սպասումն է, որ նոյնպէս գործեն նաեւ մեր Թեմերը՝ առաջնորդ սրբազաններու գլխաւորութեամբ։

բ) Սփիւռքը այսօր քաոսային վիճակ մը կը պարզէ։ Սփիւռքի վերարժեւորումը հրամայական է որպէս ենթահող եւ ուղեցոյց անոր վերակազմակերպման ու հզօրացման։ Այս գործընթացքին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմերու դերը առանցքային է։ Այս նպատակով ու սպասումով մենք սկսանք աշխատանքի։ Հետեւաբար, մեր Թեմերը բարձրագոյն աստիճանի լրջութեամբ պէտք է մօտենան այս գործընթացքին։

գ) Բնականաբար Հայաստանի ու Արցախի հետ մեր գործակցութիւնը միշտ եղած է ու կը մնայ առաջնահերթ։ Սակայն, Սփիւռքի դերը, ինչպէս յաճախ կը յիշեցնենք, միայն «ներդրում» կատարել չէ, թէկուզ ամէն իմաստով, այլ գործնապէս մասնակցութիւն է Հայաստանի ու Արցախի ծաղկման, բարգաւաճման ու յառաջդիմութեան ձգտող աշխատանքներուն։ Սփիւռքը ա՛յս յանձնառութեամբ հարկ է մօտենայ Հայաստանին ու Արցախին, եւ անոնք՝ ա՛յս սպասումով մօտենան Սփիւռքին։

դ) Մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր արժէքներու տարածումը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, քրիստոնէական դաստիարակութեան ու ընկերային ծառայութեան ճամբով, անյետաձգելի հրամայական է։ Եկեղեցին ազգային կառոյց չէ, վարչական կեդրոն չէ, այլ էապէս աստուածատուր առաքելութիւն է՝ ուղղուած ժողովուրդին։ Կոչումի այս գիտակցութեամբ մեր եկեղեցին իր հոգեւորականներու ճամբով պէտք է երթայ մեր ժողովուրդին ու ծառայէ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022