Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ժողով Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երկուշաբթի, 20 Յունուարին Լիբանան մեկնեցաւ, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ մասնակցելու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներու լիակատար նիստերուն։

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԻՍՏԸ

Հինգշաբթի, 23 Յունուարին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովը ունեցաւ իր լիակատար նիստը: Կրօնական Ժողովը կը բաղկանայ 13 անդամներէ՝ վանաբնակ միաբաններէ ու թեմակալ առաջնորդներէ:

Կրօնական Ժողովը քննեց Ազգ. Ընդհանուր ժողովի յաջորդող չորս տարիներուն համար պատրաստուած Կրօնական Ժողովի ուղեցոյցը, կատարելով անհրաժեշտ յստակեցումներն ու շեշտաւորումները:

Քննարկուեցան նաեւ օրակարգի գլխաւոր հարցերը.– քրիստոնէական դաստիարակութիւն, կիրակնօրեայ վարժարաններ, կրօնական հրատարակութիւններ, երիտասարդութեան յատուկ ծրագիրներ ու աշխատանքներ, միջ–եկեղեցական ու միջ–կրօնական յարաբերութիւն, հայ եկեղեցւոյ բարեկարգում (Եպիսկոպոսաց ժողով, Ծիսական ու Սրբադասման յանձնախումբերու աշխատանքներ), Դպրեվանք, միաբանական ընդհանուր ժողով՝ Ապրիլին, Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւն (ՀԵՀՈՄ), Հայ Համալսարանաւարտներու Միութիւն, թեմերէ եկած հարցեր ու առաջարկներ:

Յիշեալ իւրաքանչիւր նիւթի մասին զեկոյցներ տրուեցան ու քննարկումներ կատարուեցան: Յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձ եղաւ քրիստոնէական դաստիարակութեան ու երիտասարդութեան առնչուած ծրագիրներուն:

Վեհափառ Հայրապետը միօրեայ ժողովի աւարտին նշեց, որ թէեւ մեր եկեղեցին ունի բազմաթիւ առաքելութիններ, զորս կ՚իրագործէ անոնց տալով անհրաժեշտ կարեւորութիւնը, սակայն առաջնահերթ կարեւորութիւն պէտք է ընծայուի մեր երիտասարդութիւնը եկեղեցւոյ մօտեցնելու եւ եկեղեցին դէպի երիտասարդութիւն առաջնորդելու աշխատանքին: Երիտասարդութիւնը այսօր տարբեր մտածումներ, մտահոգութիւններ ու մօտեցումներ ունի, որովհետեւ տարբեր աշխարհի մէջ կ՚ապրի: Եկեղեցին պէտք է համապատասխան մօտեցում որդեգրէ:

Նոյնը կարելի է ըսել քրիստոնէական դաստիարակութեան մասին: Անհրաժեշտ է աւանդական ու դասական մեթոտներէ հեռու մնալ եւ տարբեր ձեւերով մօտենալ այսօրուան մարդուն, մանուկին թէ երէցին, որովհետեւ անոնք համաշխարհայնացումին հետեւանքները կ՚ապրին իրենց ամէնօրեայ կեանքին մէջ:

Հետեւաբար, անհրաժեշտ է որ մեր եկեղեցին լուրջ վերատեսութեան ենթարկէ իր առաքելութիւնը՝ իր բոլոր երեսներով:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԻՍՏԸ

Կրօնական ժողովի լիակատար նիստին յաջորդեց Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի լիակատար նիստը, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին։

Ժողովի օրակարգի գլխաւոր նիւթերն էին.- Ազգ. Կեդր. Վարչութեան քառամեայ գործունէութեան ծրագրի վերանայում, 2013-ի իրագործուած եւ 2014-ի նախահաշիւ պիւտճէներու քննարկում եւ վաւերացում, կալուածական ու շինարարական ծրագիրներ ու աշխատանքներ, հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի  նախապատրաստական աշխատանքներ, Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովի գործունէութիւնը, Խաչեր Գալուստեան Մանկավարժական Կեդրոնի գործունէութիւն, եւ այլ հարցեր։ Յիշեալ հարցերը լայնօրէն քննարկուեցան ու առնուեցան համապատասխան որոշումներ։

ԽԱՌՆ ԺՈՂՈՎ

Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու լիակատար նիստերէն ետք, տեղի ունեցաւ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Խառն Ժողովը, օրակարգ ունենալով հետեւեալ հարցերը.- Սուրիոյ հայ համայնքին կատարուած օժանդակութիւն եւ ընդհանրապէս սուրիահայութեան վերականգնումին գծով կատարուած աշխատանքները, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ շարունակուող գործակցութիւնը՝ Եպիսկոպոսաց Ժողովի լոյսին տակ, թեմերու կանոնագրութեանց բարեփոխութեան առնչուած հարցեր, ինչպէս նաեւ ընդհանրական բնոյթ ունեցող այլ խնդիրներ ու ծրագիրներ։

Յիշեալ նիւթերը լուրջ քննարկումի ենթարկուեցան ժողովականներուն կողմէ, Վեհափառ Հայրապետին կողմէ տրուած լայն տեղեկութիւններու ու կատարուած արժեւորումներու լոյսին տակ։ Բնականաբար, յատուկ կարեւորութիւն տրուեցաւ Սուրիոյ մեր համայնքի վերականգնումի աշխատանքներուն։

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը հաւատայ գործին, ո՛չ խօսքին։ Մեր գործը՝ ժողովուրդին գացող ծառայութիւն է։ Ահա թէ ինչու մեր Սուրբ Աթոռը միշտ հեռու կը մնայ քարոզչական մօտեցումներէ եւ իր ծառայութիւնը չափազանցուած կերպով ներկայացնելու միտումներէ։ Հսկայ աշխատանք կը տարուի այս Սուրբ Աթոռին կողմէ՝ հոգեւոր, կրթական, ընկերային, միջ-եկեղեցական, մշակութային եւ այլ մարզերէն ներս։ Մեզի պակսողը նուիրումը, հաւատքը, տեսիլքը չէ, այլ՝ տնտեսական բաւարար կարելիութիւնները։ Սակայն, վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդի զաւակները, հաւատալով այս Սուրբ Աթոռի յոյժ կարեւոր առաքելութեան, պիտի շարունակեն ամէն իմաստով նեցուկ կանգնիլ մեզի», եզրակացուց Վեհափառ Հայրապետը Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան ժողովի աւարտին:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022