Հայաստանի Պատուոյ Հիւպատոսարանի Բացում եւ Ցեղասպանութեան Յուշատախտակի Քողազերծում Լաս Վեկասի Մէջ


Այս օրերուն, երբ աշխարհասփիւռ հայութիւնը կը յիշատակէ Ցեղասպանութեան 100ամեակը եւ կը վերանորոգէ մեր պահանջատիրութիւնը, Լաս Վեկասի հայ համայնքին համար 18 Ապրիլ 2015ի շաբաթավերջը այլապէս եղաւ պատմական ու յիշատակելի հանգրուան մը՝ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսարանին բացումով եւ Ցեղասպանութեան վերապրողներուն նուիրուած ցուցատախտակի մը քողազերծումով, ապա նաեւ Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ Կիրակի օր տեղի ունեցած Ս. Պատարագով, զոր մատուցեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան:

Առաջնորդ Սրբազանը, եկեղեցական, պետական, քաղաքական եւ ազգային դէմքեր շաբաթավերջին Լաս Վեկաս կը գտնուէին, մասնակից ըլլալու համար յիշեալ արարողութեանց:

Պատուոյ հիւպատոսարանին բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ յետմիջօրէին, պաշտօնական հանդիսութեամբ մը, որ նաեւ նոր նշանակեալ պատուոյ հիւպատոս Տիար Ատրուշան Արմէնեանի պաշտօնի ստանձնումի արարողութիւնը եղաւ: Ներկայ էին հոգեւոր հայրեր, ամերիկեան խորհրդարանի անդամներ Տինա Թայթըս եւ Ճօ Հէք, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Սերգէյ Սարգիսով, հիւպատոս Լեւոն Մինասեան, Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան, Հէնտըրսընի քաղաքապետ Էնտի Հէֆըն, Լաս Վեկասի քաղաքապետի ներկայացուցիչ Կէյլ Էնտըրսըն, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդր. Կոմիտէի եւ հայկական հիմնարկներու ներկայացուցիչներ:

Հիւպատոսարանի բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ ժապաւէնի հատումով. հանդիսականները մուտք գործեցին շէնք, ուր տեղի ունեցաւ օրհնութեան աղօթք եւ տնօրհնէք՝ աղ ու հացի օրհնութեամբ: Արտասանուեցան ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի խօսքեր:

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ Նոյն երեկոյեան, “Թրոփիքանա” պանդոկի “Թրինիտատ” սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը, ի պատիւ բացման հանդիսութեան ներկայ հիւրերուն եւ հիւպատոսարանի անձնակազմին: Հանդիսութիւնը կը հովանաւորէին Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի լիազօր դեսպան Տիգրան Սարգսեան եւ Լոս Անճելըսի գլխաւոր դեսպան Սերգէյ Սարիգսով, ներկայութեամբ Արեւմտեան Թեմի երկու Առաջնորդներուն:

Ողջոյնի խօսք արտասանեցին պատւոյ հիւպատոսին դուստրերը՝ Հերա եւ Կարնի Արմէնեան: Սեղաններու օրհնութիւնն ու բացման աղօթքը կատարեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Սրբազանը, որ նաեւ արտասանեց ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսք: Ան անդրադարձաւ նոր նշանակեալ պատուոյ հիւպատոսին հետ աւելի քան երկու տասնամեակներու սերտ գործակցութեան եւ գնահատեց անոր նուիրումը, ծառայասիրութիւնը եւ բոլոր աշխատանքներուն արհեստավարժի մօտեցումը: Ան հաստատեց, որ Տիար Ա. Արմէնեան Լաս Վեկասի հայ գաղութին մէջ գնահատելի ներկայութիւն եղած է եւ հիմնական դերակատարութիւն ունեցած է Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ կառուցման եւ համալիրի ամբողջացման աշխատանքներուն մէջ: Իր անսակարկ նուիրումին համար, ան արժանացած է Ազգ. Առաջնորդարանի “Ս. Տրդատ” շքանշանին: Առաջնորդ Սրբազանը յաջողութիւն եւ աննահանջ երթ մաղթեց նշանակեալ պատուոյ հիւպատոսին:

Խօսք առին Տեարք Սարգիսով, Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան, նշանակեալ պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեան, եւ պետական ու պաշտօնական անձնաւորութիւններ: Քաղաքի հայկական պարարուեստի վարժարանի խումբը ներկայացուց գեղեցիկ պարեր:

Լաս Վեկասի եւ Հէնտըրսընի քաղաքապետներուն կողմէ շնորհաւորագիր մը եւ պաշտօնական յայտարարութիւն մը յանձնուեցան Տիար Ատրուշան Արմէնեանի, վեր առնելով Լաս Վեկասի հայ համայնքին անոր բազմամեայ ծառայութիւններն ու Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ մարմնաւորման մէջ անոր դերը: Հէնտըրսընի քաղաքապետին պաշտօնական յայտարարագիրը 18 Ապրիլ 2015ը կը հռչակէր Հայաստանի հիւպատոսութեան օր:

ՎԵՐԱՊՐՈՂՆԵՐՈՒ ՅՈՒՇԱՏԱԽՏԱԿԻ ՔՈՂԱԶԵՐԾՈՒՄ ԵՒ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿ Հիւպատոսարանի բացման արարողութենէն ետք, յետմիջօրէին, եւ յիշեալ ընդունելութենէն առաջ, Լաս Վեկասի համալսարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն նուիրուած յուշատախտակին քողազերծման հանդիսութիւնը: Այս յուշատախտակը նախաձեռնութիւնն է Հայ Ամերիկեան Մշակութային Ընկերակցութեան, զօրակցութեամբ համալսարանին պատմութեան ամպիոնին եւ բարերարութեամբ ամերիկեան մարզաշխարհի նշանաւոր դէմքերէն՝ հանգուցեալ մարզիչ Ճերի Թարխանեանի ընտանիքին ու հարազատներուն:

Յուշատախտակին քողազերծման արարողութենէն ետք, համալսարանի Ուսանողներու Ընկերակցութեան սրահին մէջ Ցեղասպանութեան 100ամեակի նշման ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական մշակոյթի երեկոյ մը, որ կազմակերպուած էր Հայ Ամերիկեան Մշակութային ընկերակցութեան եւ քաղաքի Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Յանձնախումբին կողմէ:

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ Պատմական շաբաթավերջը ունէր նաեւ եկեղեցական յատուկ արարողութեան բաժին մը: Արդարեւ, Առաջնորդ Սրբազանը Կիրակի, 19 Ապրիլի առաւօտուն Ս. Պատարագ մատուցեց քաղաքի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ: Ս. Սեղանին սպասարկեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեան:

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութիւն արտայայտեց, որ Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող երրորդ Կիրակին՝ Կանաչ Կիրակին կը տօնէ Լաս Վեկասի համայնքին հետ, տօն մը՝ որ կը խորհրդանշէ կեանքի վերանորոգում եւ յարութիւն, իսկ այս տարի, տօնը կը զուգադիպի այն օրերուն, երբ հայութիւնը կ’ոգեկոչէ յիշատակը մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն եւ կը վերանորոգէ անոնց կտակին հաւատարմութիւնն ու պահանջատիրութիւնը: Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութեամբ նշեց, որ այս օրը Լաս Վեկասի մեր գաղութին համար կրկնակիօրէն ուրախութեան օր է, որովհետեւ երկու տարի առաջ եկեղեցւոյ օծման արարողութինն ալ կատարած էր ճիշդ այս տօնին՝ Կանաչ Կիրակիին, հետեւաբար, այսուհետեւ Կանաչ Կիրակին պիտի ըլլայ Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ օծման տարեդարձը:

Առաջնորդ Սրբազանը խօսեցաւ Աստուածորդւոյն երկրաւոր կեանքի վերջին օրերու իրադարձութեանց, խաչելութեան եւ մահուան վրայ տարած յաղթանակին մասին, յիշեցնելով, որ Տիրոջ Ս. Յարութիւնը վերահաստատեց աշակերտներուն ինքնավստահութիւնը, փարատեց անոնց կասկածները, իսկ նոյնինքն Վերջին Ընթրիքի վերնատան մէջ Ս. Հոգիին շնորհը զանոնք դարձուց քրիստոսաւանդ հաւատքին տարածիչները: Եւ ինչպէս որ գարնան հետ բնութիւնը վերածաղկում կ’ապրի, քրիստոսի եկեղեցին ալ նոր ծաղկում ապրեցաւ մարդոց հոգիներուն մէջ: Խաչելութենէն ետք մահուան վրայ տարած իր յաղթանակով, հոգիներուն համար բացուեցաւ նոր գարուն մը, չարիքի ու մեղքի խաւարը ցրիւ եկան նոր լոյսի դիմաց, նոր արշալոյս մը բերելով ամբողջ մարդկութեան պատմութեան մէջ:

“Մեր նախահայրերը եղան քրիստոնէութիւնը ընդունող առաջին ժողովուրդներէն, եւ մեր պատմութիւնը կերտեցին քրիստոնէութեան հաւատարմութեամբ”, շարունակեց Առաջնորդ Սրբազանը, եւ անդրադառնալով Ցեղասպանութեան, յիշեցուց, որ Տէր Զօրի եւ աքսորավայրերու մատնուած մեր ժողովուրդը հաւատարիմ ու պաշտպան մնացին մեր քրիստոնէական հաւատքին ու ազգային արժէքներուն. “Թուրքիա ճամբայ ելած էր հայութիւնը միանգամընդմիշտ բնաջնջելու եւ աշխարհի քարտէսէն անհետացնելու նպատակով. ան իւրացուց մեր հողերը, բռնագրաւեց մեր եկեղեցիներն ու ստացուածքները, սակայն ձախողեցաւ իր վախճանական նպատակին մէջ. հայութիւնը յարութիւն առաւ գերեզմանէն, վերականգնեցաւ եւ վերակերտեց իր անձնական ու հաւաքական կեանքը: Մեր յաղթական երթը պիտի յարատեւէ, որովհետեւ ճշմարտութիւնը անպայման յաղթական դուրս կու գայ”, շեշտեց ան:

Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ հայութիւնը ամբողջ 100 տարի յիշած է իր նահատակները. “Մեր նահատակները այսօր հրաւէր կ’ուղղեն մեզի, որ յիշենք եւ աշխարհին յիշեցնենք, թէ իրենք ինչպիսի՛ տառապանքներ կրեցին մեր արդար դատին համար, անոնք կը սպասեն, որ մենք շարունակենք մեր արդար պահանջատիրութիւնը”, շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը:

Խօսելով Լաս Վեկասի պատուոյ հիւպատոսարանի բացման հանդիսութեան մասին, Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութիւն յայտնեց պատմական այս քայլին համար, որ պատիւ կը բերէ Արեւմտեան մեր Թեմին: Ան շնորհաւորանքի եւ գնահատանքի խօսք ուղղեց Տիար Ատրուշան Արմէնեանին, յաջողութիւն մաղթեց հայրենանուէր ու հայանուէր իր աշխատանքներուն մէջ, եւ հաւատացեալները յորդորեց համախմբուելու մեր եկեղեցւոյ շուրջ, “եւ թող այս օրը ըլլայ անհատաբար ու հաւաքաբար վերածնունդ ապրելու օր մը՝ մեր ընտանիքներուն եւ հայ ազգին համար”: Ան եկեղեցւոյ Բ. տարեդարձի իր պատգամը աւարտեց աղօթք բարձրացնելով նահատակներու հոգիներուն համար, Աստուծմէ խնդրելով, որ պահապան կանգնի մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին:

Քարոզէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց լուացումն ու օծումը խաչքարի մը, որ Ուրբաթ, 24 Ապրիլին, իբրեւ հիմնաքար պիտի գործածուի Լաս Վեկասի “Սանսէթ” հանրային պարտէզին մէջ կանգնելիք նահատակաց յուշարձանին:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022