Երեքշաբթի, 27 Մայիս 2014ին, հայ երեք յարանուանութեանց առաջնորդներուն հերթական հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան գրասենեակին մէջ, Կլենտէյլ։
Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Հիւսիսային Ամերիկայի Առաջնորդ Գերապայծառ Միքայէլ Եպս. Մուրատեան, եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան հոգեւոր հովիւ Վերապատուելի Յովսէփ Մաթոսեան։
Քննարկուեցան գաղութը յուզող հարցեր, մասնաւորաբար Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման ծրագիրներ։
Ժողովէն ետք, առաջնորդները սիրոյ սեղանի շուրջ հիւրընկալուեցան Վերապատուելի Մաթոսեանի կողմէ։