Առաջնորդ Սրբազանը Մասնակցեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Առաջնորդներու Ժողովին


Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու Լոս Անճելըսի եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Առաջնորդներու ժողովը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 10 Մարտ 2015ի յետմիջօրէին, Ղըպտիներու Ս. Աստուածածին եւ Ս. Աթանասիոս Եկեղեցւոյ մէջ, հիւրընկալութեամբ Ղըպտի համայնքի Առաջնորդ Գերշ. Սրապիոն Եպիսկոպոսին:

IMG_1607Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան մասնակցեցաւ ժողովին, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանի եւ Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեանի:

Միացեալ աղօթքով բացումը կատարելէ ետք, ժողովականները կարեւորութեամբ կանգ առին Միջին Արեւելքի ծանրակշիռ զարգացումներուն վրայ. հիւր ժողովականները այս առիթով անգամ մը եւս ցաւակցութիւն յայտնեցին Սրապիոն Եպիսկոպոսին ու համայնքի զաւակներուն, Լիպիոյ մէջ, անցեալ ամիս 21 Ղըպտի քրիստոնեաներու նահատակութեան առիթով: Ինչպէս ծանօթ է, 21 զոհերը, մերժելով հաւատափոխ ըլլալ, սպաննուած էին իսլամ ծայրայեղականներու կողմէ: Ղըպտի եկեղեցին զանոնք սրբադասեց Փետրուարի վերջերուն:

Ժողովականները օրակարգի վրայ ունէին հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը եւ այդ առիթով նախատեսուած միջ-եկեղեցական արարողութիւններ եւ ոգեկոչման ձեռնարկներ: Նշենք, որ Ասորի համայնքը եւս այս տարի կը նշէ Օսմանեան պետութեան կողմէ իր զաւակներուն դէմ գործադրուած ջարդերուն 100րդ տարեդարձը:

Առաջնորդներու ժողովը քննարկեց նաեւ ընթացքի մէջ եղող աշխատանքներն ու զանոնք շարունակելու գործնական միջոցները: Անոնց շարքին էին հոգեւորականներու միջեւ գործակցական ծրագիրները, միջ-երիտասարդական ժողովները, Կիրակնօրեայ վարժարաններու միացեալ ծրագիրները եւ այլ ծրագիրներ:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022