Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի Ֆրեզնոյի յանձնախումբին հրաւէրով ու նախաձեռնութեամբ, Կիրակի, 2 Նոյեմբեր 2014ի յետմիջօրէին, Ֆրեզնոյի համալսարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշակոթողի հողօրհնէքի արարողութիւնը, ձեռամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի: Ներկայ էին պետական, քաղաքական ու ակադեմական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ ներկայացուցչական անձնաւորութիւններ ու բազմաթիւ հիւրեր:
Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան եւ Արժ. Տ. Վահան Քհնյ. Կոստանեան: Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան Ատենապետ Տիար վահէ Հովակիմեան եւ անդամներ, ինչպէս նաեւ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամներ։
Յայտագիրը սկսաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներու կողմէ դրօշակի արարողութեամբ. համայնքի “Քէյեան” վարժարանի աշակերտները երգեցին Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի Քայլերգները: Խօսք առին պետական եւ քաղաքապետութեան ներկայացուցիչներ, համալսարանի պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան 100ամեակի ու յուշակոթողի յանձնախումբերու անդամներ:
Եկեղեցական յատուկ արարողութեամբ, Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր հայրերը կատարեցին հողի օրհնութիւնը. երգեցողութեան մասնակցեցան սարկաւագներ ու դպրաց դասի անդամներ: Համայնքի ներկայայուցիչներ ու “Քէյեան” վարժարանի աշակերտներ հոգեւոր հայրերուն մատուցեցին Հայաստանի զանազան շրջաններէն բերուած հող, որ օրհնուեցաւ ու պիտի զետեղուի յուշակոթողի հիմերուն մէջ:
Հողի օրհնութենէն ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ Առաջնորդ Սրբազանը, որպէսզի իր խօսքը արտասանէ: Ան առաջին հերթին փառք տուաւ Աստուծոյ, որ առիթ ընծայած է այս պատմական օրը ապրելու, օր մը, որ բոլորիս սիրտերը կը լեցնէ խառն զգացումներով: “Գոհունակ ենք, որ շուրջ 150 տարիներէ ի վեր հայութեան բնակավայրը եղած այս քաղաքը կ’ունենայ Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն նահատակներուն նուիրուած իր յուշակողթողը: Հպարտ ենք այս իրագործումին ետին կանգնող յանձնախումբին ու գործակիցներուն հետեւողական ու նախանձախնդիր աշխատանքով, որ մեզ կը զօրացնէ, որպէսզի ըսենք Թուրքիոյ, թէ այո, Ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք, հայերս կանգ ու կը մնանք պահանջատէր մեր իրաւունքներուն, պիտի չմոռնանք ու աշխարհին ալ պիտի յիշեցնենք ահաւոր ոճիրին հետեւանքները”, ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազանը։
Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Ֆրեզնոյի համալսարանի Տնօրէն՝ Դոկտ. Ճոզէֆ Գասթրոյի ու պատասխանատուներուն որ այս հողաշերտը տրամադրած են յուշակոթողին համար, եւ 100-ամեակի յանձնախումբին որ գործակցաբար լծուած են Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը կանգուն պահող յուշակոթողի կառուցման, որպէսզի մեր նահատակներուն զոհողութիւնները, յիշատակն ու պատգամը մնան անջնջելի: “Այս արարողութիւնը մեզ կը գօտեպնդէ, որպէսզի Ցեղասպանութեան մասին շարունակենք յուշել, դաստիարակել ու հետեւողականօրէն մնալ պահանջատէր, կը յիշենք եւ կը պահանջենք նշանաբանով, մինչեւ այն օրը, երբ Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ու անվիճելիօրէն ճանաչում գտնէ Միացեալ Նահանգներու, Թուրքիոյ ու ամբողջ աշխարհին կողմէ”, եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը: