Առաջնորդ Սրբազան Հօր Այցելութիւնը Լիբանանի Նորանշանակ Գլխաւոր Հիւպատոսին

Չորեքշաբթի, 18 Դեկտեմբեր 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այցելեց Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի նորանշանակ գլխաւոր հիւպատոս Պէշիր Սարգիսին։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերակցէին Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան եւ Տիար Թորոս Քէչէճեան, որ Ազգային Վարչութեան նախկին անդամ է եւ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ու Լիբանանի հիւպատոսարանի միջեւ գլխաւոր կապը։

Առաջնորդ Սրբազանը նախ շնորհաւորեց գլխաւոր հիւպատոսը իր նոր պաշտօնին նշանակման առթիւ եւ յաջողութիւն ու բարի երթ մաղթեց իր առաքելութեան մէջ։ Ան նաեւ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան իր սրտագին բարեմաղթութիւնները փոխանցեց եւ հրաւիրեց զինք՝ Յունուար 6-ին ներկայ գտնուելու Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ս. Ծննդեան հանդիսաւոր Ս. Պատարագին եւ երեկոյեան Մոնթեպելլոյի մէջ կազմակերպուած «Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Ընթրիք»ին։

Գլխաւոր հիւպատոսը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր իր այցելութեան եւ հրաւէրին, ինչպէս նաեւ պաշտօնի նշանակման կապակցութեամբ շնորհաւորական նամակին համար։ Ան նոյնպէս փոխադարձաբար բարեմաղթանքներ կատարեց Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ։

Այնուհետեւ, հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու հայ-ամերիկեան եւ լիբանանեան-ամերիկեան համայքներու միջեւ համերաշխութեան, բարեկամութեան եւ համագործակցութեան։ Խօսելով Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին մասին, Առաջնորդ Սրբազանն ու գլխաւոր հիւպատոսը մաղթեցին, որ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը վերստին տիրեն, իսկ երկիրը շարունակէ բարգաւաճիլ ու ծաղկիլ։

Հանդիպման աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը գլխաւոր հիւպատոսին նուիրեց «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն. Պատմութիւն, Գանձեր եւ Առաքելութիւն» խորագրեալ պատկերազարդ հատորը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022