Անցեալ շաբաթավերջին, Առաջնորդ Սրբազանը հովուական այցելութիւն մը տուաւ Ֆրեզնոյի մեր համայնքին եւ տօնական օրերու նախօրեակին, հանդիպումներ ունեցաւ Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան եւ ծխական անդամներու հետ:
Կիրակի, 6 Դեկտեմբերին, Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսապետեց Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, ապա այցելեց Կիրակնօրեայ Վարժարան, ուր հանդիպում ունեցաւ աշակերտներուն ու դաստիարակներուն հետ, փոխանցելով իր օրհնութիւնն ու տօնական օրերու բարեմաղթութիւնները: