Տարիներու սովորութեան համաձայն, Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութիւնը հրաւիրած էր Թեմիս Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանը, որպէսզի եկեղեցական դասը Եղբայրակցութեան կեդրոնին մէջ միասին աղօթքի պահ ունենայ եւ ներկայ հաւատացեալները լսեն Սրբազան Հօր պատգամը:
Ուրբաթ, 22 Օգոստոս 2014-ի երեկոյեան, ընդառաջելով Եղբայրակցութեան հրաւէրին, Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց Եղբայրակցութեան կեդրոնը, իր հայրական պատգամը փոխանցելու հաւատացեալներուն: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կþընկերանային Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան,Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան, Արժ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան, եւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան:
Առաջնորդ Սրբազանին նախագահութեամբ, երեկոն սկիզբ առաւ Տէրունական Աղօթքի հաւաքական երգեցողութեամբ, որմէ ետք Եղբայրակցութեան ատենապետ Աւօ Եղբայր Գապաքչուզեան կատարեց բարի գալուստի խօսք, ուր անդրադարձաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ծառայութեան եւ մասնաւորապէս Առաջնորդ Սրբազան Հօր տարիներու աջակցութեան, նշելով թէ 17 տարիներ առաջ այս օրերուն Սրբազանը բացումը կատարած էր ներկայ կեդրոնին:
Յայտագիրի առաջին բաժինով, խումբ մը մանուկներ բեմ բարձրացան եւ երգեցին հոգեւոր երգեր: Ապա երիտասարդներու խումբը միացաւ փոքրիկներուն, հերթաբար արտասանեցին Աստուածաշունչէն իրենց իւրացուցած ոսկեղէն համարները, որմէ ետք Անտրէ Կարապետեան կատարեց մեներգ մը: Տիկ. Կարինէ Յակոբճանեան դաշնակի ընկերակցութեամբ երգեց Աստուածածնայ նուիրուած “Խնկի Ծառի Նման ես” տաղը:
Ապա Աւօ Եղբայր բեմ հրաւիրեց Սրբազան Հայրն ու հոգեւորականները, որոնք երգեցին Աստուածածնի Վերափոխման տօնին նուիրուած “Վարանիմք” եւ “Անթառամ Ծաղիկ” տաղերը, ինչպէս նաեւ “Աստուածածին Անարատ Մայր Տեառն” մաղթանքը: Շարականներու երգեցողութեան աւարտին, կատարուեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութիւնը, օրհնուեցան խաղողի ողկոյզներն ու տարուան պտղաբերութիւնը: Խաղողօրհնէքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անհատաբար ներկայացուց ընկերացող հոգեւորականները, նշելով թէ անոնք պատրաստ են այցելութիւններ տալու Եղբայրակցութեան կեդրոնը եւ հոգեւոր սնունդ մատակարարելու:
Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շեշտեց, թէ Ս. Կոյս Աստուածածնի մասին Հայ Եկեղեցւոյ շարականները լայնօրէն անդրադարձած են անոր բազմաթիւ յատկանիշներուն ու ստորոգելիներուն: Ան նշեց, որ Աստուածամօր նուիրուած տօներուն մեծագոյնը Վերափոխումն է, որ մեր տաղաւարներէն չորրորդն է, ու խօսեցաւ Ս. Աստուածածնի եւ տօնի իւրայատուկ արժէքին մասին եւ աւարտին՝ աղօթք բարձրացուց, որպէսզի Ս. Կոյս Մարիամ բարեխօսէ իր Որդւոյն եւ մեր Աստուծոյ, եւ մանաւանդ հրաւիրեց ներկայ մայրերն ու քոյրերը որպէսզի հետեւին Ս. Կոյսին օրինակին եւ իրենց անձերը յանձնեն Տիրոջ կամքին, հնազանդելու եւ Աստուածահաճոյ կեանք մը ապրելու: Ան նաեւ աղօթք բարձրացուց, որ աշխարհի վրայ խաղաղութիւն հաստատուի, Միջին Արեւելքի ու այլ շրջաններու պատերազմները վերջ գտնեն ու մարդոց միջեւ տիրապետող ըլլան բարի յարաբերութիւններ:
Սրբազանին պատգամէն ետք, երգուեցաւ “Կիլիկիա” մաղթերգը, որմէ ետք խմբանկար մը առնուեցաւ: Սրբազան Հօր այցելութեան առթիւ, պատրաստուած էր հիւրասիրութիւն մը կեդրոնի սրահին մէջ: Սեղանի օրհնութենէն ետք, բոլոր ներկաները մտերմիկ մթնոլորտ մը վայելեցին: Ապա, Աւօ Եղբայր շնորհակալական ու երախտագիտական զգացումները արտայայտելով, շեշտեց թէ որքան կարեւոր է Եկեղեցւոյ հովանաւորութիւնը իրենց Եղբայրակցութեան համար, եւ խոստացաւ որ Եղբայրակցութիւնը իր բոլոր անդամներով հաւատարմութեամբ պիտի շարունակէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն ու վարդապետութեան ուղղափառ դաւանանքին հետեւիլ:
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը բարեմաղթութիւններ փոխանցեց ներկաներուն եւ “Հոգւոց” աղօթքը արտասանեց Եղբայրակցութեան ննջեցեալ անդամներուն յիշատակին:
Հոգեպարար այս օրուան համար բոլոր ներկաները գոհութիւն յայտնեցին Աստուծոյ, եւ օրհնուած խաղողէն բաժին ստանալով, իրենց հետ տարին՝ հիւանդներու բժկութեան եւ Աստուածային օրհնութիւններ ստանալու համար: