Ինկըլվուտի Քաղաքապետութիւն Կը Ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, 22 Ապրիլ 2015ի յետմիջօրէին, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ինկըլվուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ռալֆ Ֆրէնքլինի, որ եկած էր Առաջնորդ Սրբազանին յանձնելու քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին օրինակը: Հիւր քաղաքապետին կþընկերանային Ազգ. Առաջնորդարանիս բարեկամներէն՝ ճարտարապետ Գէորգ Գարաճըրճեան եւ որդիները Արա եւ Աբօ, որոնք սերտ գործակիցներ են Ինկըլվուտի քաղաքապետութեան:

Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց յարգելի հիւրերը եւ գնահատանք արձանգրեց քաղաքապետական խորհուրդին որոշումին համար, ընդգծելով, որ այս ու նման քայլեր գործնական քուէարկում են ի նպաստ ճշմարտութեան ու արդարութեան: Ան յիշեց, որ Երկուշաբթի օր, ինք անձամբ ներկայ եղած է Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի յատուկ նիստին, ուր որդեգրուեցաւ Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ մը, եւ կոչ ուղղուեցաւ նախագահ Օպամայի՝ ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը: Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ հայութեան գծով պատմական ճշմարտութեանց ի նպաստ դիրքորոշումներ ունին համամարդկային խորք եւ նպաստ կը բերեն աշխարհի վրայ խաղաղութեան ու արդարութեան ամրապնդման:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022