Համազգայինի “Անի” պարախումբը այս տարի կը տօնէ իր հիմնադրութեան 40-ամեակը։ Շաբաթ, 13 Դեկտեմբեր 2014ի երեկոյեան, պարախումբի 40ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Glendale High School-ի “John Wayne Performing Arts Center”ի մէջ։
Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ փոխանցեց իր շնորհաւորանքի խօսքն ու օրհնութիւնները։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանար Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան:
Ազգային եւ մշակութային ժառանգութիւններու բացառիկ մեկնաբանութեամբ, հայ երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ, իրենց պարերուն մէջ ամփոփեցին ու ներկայ բոլոր հանդիսատես սերունդներու զաւակներուն ներկայացուցին ամբողջ Հայոց պատմութեան փոխանցած արժէքները:
Պարային ներկայացման աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը բեմ հրաւիրուեցաւ, արտասանելու իր օրհնութեան խօսքը: Ան գնահատեց “Անի” պարախումբի ներկայի ու անցեալի բոլոր պարուսոյցները, պարողները եւ բեմի ետին գործող բոլոր ծառայողները, ինչպէս նաեւ զանոնք քաջալերող եւ յարատեւելու ներշնչում տածող հանդիսականները: Երկու վաստակաշատ պարուսոյցներուն՝ Տիար Եղիա Հաշօլեանի եւ Տիկին Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեանի գործունէութեան մօտէն ծանօթ ըլլալով, Սրբազան Հայրը իր անձնական վկայութեամբ հաստատեց, թէ անոնք ազգապահպան եւ հայրենասիրական աշխատանք կատարած են տասնեակ տարիներէ ի վեր:
Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ խնդրամատոյց եղած է Ս. Աթոռոյս գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որ ընդառաջելով՝ իր սրբատառ կոնդակով “Ս. Մեսրոպ Մաշտոց”ի շքանշանը կը շնորհէ պարուսոյցներուն: Ան ընթերցեց կոնդակները, եւ յանուն Վեհափառ Հայրապետին, արուեստագէտները պարգեւատրեց շքանշաններով: Առաջնորդ Սրբազանը իր կողմէ Օրհնութեան Գիր մը շնորհեց նաեւ պարախումբի տարազներու ձեւաւորման պատասխանատու Տիկ. Ճէյն Հաշօլեանի, գնահատելով անոր տարիներու վաստակը:
Ներկայ հանդիսատեսները յոտնկայս ծափահարութիւններով իրենց գնահատանքը յայտնեցին ամբողջ պարախումբին եւ անցեալի ու ներկայի բոլոր անդամներուն, իրենց կատարած ազգայնաշունչ արուեստին համար: