Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին

Կիրակի, 7 Յուլիս 2019-ին Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց։ Օրուան պատարագիչն էր Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան։

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին մէջ հակիրճ կերպով ներկայացուց նախորդ օր նշուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի «Գիւտ Նշխարաց» տօնը եւ վեր առաւ մեր հաւատքի հօր քրիստոսատիպ կեանքն ու առաքելութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազանը զուգահեռական մը կատարեց օրուան աւետարանական հատուածին հետ (Մտ 12.38-42) եւ շեշտադրեց հաւատքի կարեւորութիւնն ու առկայութիւնը, դիտել տալով որ մեր հաւատքը պէտք չէ խարսխել միայն հրաշքներու ակնկալութեան վրայ. «Չնմանինք այն փարիսեցիներուն, որոնք կուրօրէն Քրիստոսէ նշան (հրաշք) մը կ’ուզէին։ Մեր երկնաւոր Հայրը կը սպասէ, որ առանց նշանի (հրաշքի) նախապայմանի քալենք հաւատքի ճանապարհէն եւ մեր կեանքը հիմնենք Անոր Բանին՝ Աստուածորդւոյն եւ Իր ուսուցումներուն վրայ։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հոգիի աչքերով տեսաւ Քրիստոսի էջքը Մայր Հող, ուր պիտի հիմնուէր ու կառուցուէր Ս.
buy soft pack online pridedentaloffice.com/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/soft-pack.html no prescription

Էջմիածնի տաճարը։ Մենք առաւել եւս ունինք մեծագոյն հրաշազան նշանը՝ Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին կենսախայտ յարութիւնը»։

Ս. Պատարագին ներկայ էին մեր Թեմը ներկայացնող երիտասարդ-երիտասարդուհիները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած 5-էն 18 Օգոստոսին տեղի ունենալիք «Երիտասարդներու Ամառնային Դասընթացք»ին։ Մասնակիցներն են՝ Շահան Աթմաճեան, Գարին Այվազեան, Լարա Տէմիրճեան, Վանա Տէմիրճեան, Յովիկ Ջաղացպանեան եւ Փառէն Տէր Պետրոսեան։

Ս. Պատարագի աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը, ընկերակցութեամբ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի, հանդիպում ունեցաւ երիտասարդներուն հետ, խրախուսեց զանոնք եւ ընդգծեց, որ նմանատիպ դասընթացքներ կենսական են՝ մեր երիտասարդները քրիստոնէական ուսուցումներով զինելու եւ զանոնք աւելի հաղորդակից դարձնելու մեր Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, որպէսզի իրենք եւս մասնակցութիւն բերեն մեր Թեմի ծառայական կեանքին։ Առաջնորդ Սրբազանը երիտասարդներուն ներկայացուց դասընթացքի օրակարգը, ինչպիսիք են՝ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն, Սուրբ Գրային սերտողութիւն, Ս. Պատարագի մեկնութիւն, ծէս, միջ-եկեղեցական շարժում եւ միջ-կրօնական երկխօսութիւն…։ Երիտասարդ-երիտասարդուհիները դասընթացքին նախապատրաստելու նպատակաւ՝ Հայր Միւռոնին կողմէ պատրաստուած թղթածրար մը փոխանցուեցաւ անոնց, ուր ներկայացուած են աստուածաշնչական ու եկեղեցաբանական գիտելիքներ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022