Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Նախագահեց Համբարձման Տօնի Ս. Պատարագին Եւ «Սիրոյ Սեղանին»

Հինգշաբթի, 26 Մայիս 2022, առաւօտեան ժամը 10-ին, Արեւմտեան Թեմը հանդիսաւորապէս նշեց Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը: Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս Տօնոյեան, նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Համբարձման հոգեւոր արարողութեան, իր կողքին ունենալով Թեմի Հոգեւորականաց դասը: Պատարագիչն էր Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան, որ առաջին հերթին ողջունեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ապա աւուր պատշաճի իր քարոզին մէջ վեր առաւ օրուան խորհուրդը՝ ըսելով, որ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը երկրաւորներուս կեանքին մէջ երկնքի դռները բացաւ, որպէսզի մարդ արարածը յոյս ունենայ՝ յաւիտենապէս Աստուծոյ արքայութեան մէջ ապրելու:

Յետ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմնի կազմակերպած Համբարձման տօնի «Սիրոյ Սեղան»ին, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Պրէնտվիու» սրահին մէջ, հիւրընկալութեամբ Տիկին Զարուհի Քիւրքճեանի:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին էին վեղարաւոր հայրեր, սրահը լեցուցած հիւրերու շարքին՝ Ազգ. Վարչութեան անդամ Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան, եկեղեցիներու տիկնանց միութեանց, ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ մասնաճիւղերու, միութեանց ներկայացուցիչներ, բարերարներ ու բարեկամներ։

Օրուան հանդիսավարութիւնը ձեռնհասօրէն վարեց Տիկին Սօսի Կէօքկէօզեան, իսկ Տիկնանց Օժանդակ մարմինի անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Տիկին Մարալ Քելէճեան, որ բացատրութիւններ տուաւ Համբարձման տօնի յատուկ ճաշերուն եւ վիճակ ձգելու աւանդութեան մասին, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն՝ Ազգ. Առաջնորդարանին նկատմամբ իրենց ցուցաբերած զօրակցութեան եւ քրիստոնէավայել վերաբերումին համար:

Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր. Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանի 5-րդ կարգի 10 աշակերտներ ներկայացուցին ազգային տօնախմբութեան յատուկ՝ վիճակաձգութիւնը պատկերող տպաւորիչ «խաղ» մը, որուն աւարտին Սրբազան Հայրը աշակերտներուն նուիրեց Աստուածաշունչի օրինակներ, ապա անդրադարձաւ Համբարձման տօնի հոգեւոր եւ ազգային խորհուրդին եւ յուշանուէրով մը պատուեց օրուան բարերարարուհի Տիկին Քիւրքճեանը, միաժամանակ բարձր գնահատելով Տիկնանց Օժանդակ մարմինի անդամներուն աշխատանքն ու հիւրերուն քաջալերական ներկայութիւնը՝ «Սիրոյ Սեղան» աւանդական ձեռնարկին:

Սրահին բարձր տրամադրութիւնը շարունակուեցաւ հայկական աւանդական երգերով, կատարողութեամբ Յովհաննէս Պալեանի: Խրախճանքի ընթացքին ներկաները նաեւ ձգեցին վիճակ, ընթերցանութեամբ Տիկին Ալվարդ Բարսեղեանի:

Քաջալերուած «Սիրոյ Սեղան»ի բարեհամբոյր մթնոլորտէն, բարերարուհի Տիկին Նուէր Սամուէլեան պատրաստակամութիւն յայտնեց հիւրընկալելու յառաջիկայ տարուան համբարձման ճաշկերոյթը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022