Փասատինայի Ազգային Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան մանկամսուրը վերամուտի պաշտօնական արարողութիւնը ունեցաւ Ուրբաթ, 24 Օգոստոսի առաւօտուն, նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան։ Հիւրաբար ներկայ էր Վենեզուելլայի Հայոց Թեմի հոգեւոր տեսուչ Բարձր. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան։ Ներկայ էին նաեւ վարժարանի ուսումնական մարմնի ներկայացուցիչները, Փասատինայի Հ.Յ.Դ. «Լեռնավայր» կոմիտէի ներկայացուցիչը, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ու Տիկնանց միութեան անդամներ, ծնողներ, բարերարներ եւ հարազատներ։
Վարժարանի մուտքին, Առաջնորդ Սրբազանը դիմաւորուեցաւ վարիչուհիին՝ Տիկին Կարին Չուքատարեանի եւ դաստիարակներու կողմէ։ Քայլերգներէն ետք, աշակերտներ միասնաբար երգեցին «Տէրունական աղօթք»ը։ Տեղի ունեցաւ օրհնութեան աղօթք։ Ողջոյնի խօսք արտասանեց վարիչուհին, որ բարի գալուստ մաղթեց նոր ու անցեալի աշակերտներուն, յայտնեց, որ ինք եւ ուսուցիչները կարօտով կը սպասէին անոնց վերադարձին, անոնց ներկայութիւնը նկատեց ուրախութեան եւ խանդավառութեան աղբիւր, նաեւ խրախոյս, որպէսզի հայապահպանումի եւ սերնդակերտումի գործը շարուկուի նախանձախնդրութեամբ։ Վերջապէս, ան բարի մաղթանքներ ուղղեց յաջող տարեշրջանի մը համար։
Աշակերտները ներկայացուցին քանի մը երգ։
Առաջնորդ Սրբազանը արտասանեց օրհնութեան եւ գնահատանքի իր խօսքը։ Ան գոհունակութիւն յայտնեց որ վերամուտի այս օրերուն, կը գտնուի այս մանկամսուրի յարկին տակ, որ կը վայելէ գուրգուրանքը Փասատինայի հայութեան մեծ ընտանիքին, վարժարանն ու մանուկները կը վայելեն բոլորին սէրն ու հոգածու վերաբերմունքը, վարժարանը տարուէ տարի կը ծաղկի շնորհիւ զոհաբերութեանց ու նուիրաբերումի։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ վարիչուհիին, ուսուցիչներուն ու անձնակազմի անդամներուն մասին, մաղթեց, որ ուսումնական նոր տարեշրջանը ընթանայ անվտանգ եւ առիթ ծառայէ մեր մատղաշ մանուկներու հոգիները հարստացնելու մեր եկեղեցական ու ազգային գանձերով։ Ան նաեւ գնահատանք արձանագրեց ծնողներուն ու մանկամսուրի նուիրեալներուն, որոնք կը կանգնին այս ուսումնարանին կողքին, եւ մաղթեց, որ Աստուծոյ շնորհքով, յառաջիկայ ուսումնական տարեշրջանը նոր նուաճումներ բերէ անցեալի իրագործումներուն վրայ։
Վերամուտի արարողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց դասարաններ եւ զրոյցի պահեր ունեցաւ մանուկներուն հետ։ Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանն ու հիւրերը վայելեցին պատշաճ հիւրասիրութիւն։