Պաշտօնական Բացում եւ Օրհնութիւն՝ Փասատինայի «Յովհաննէս եւ Հռիփսիմէ Ճիվելէկեան» Երիտասարդական Կեդրոնի

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Շաբաթ, 13 Յունուար 2018-ի երեկոյեան, օրհնութիւնը կատարեց Փասատինայի Հայ Կեդրոնին, որ վերանուանուած է «Յովհաննէս եւ Հռիփսիմէ Ճիվելէկեան» երիտասարդական կեդրոն, բարերարութեամբ Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլին, ի պատիւ Տիկին Հուրի Մելքոնեանի ծնողներուն։

Պատշաճ հիւրասիրութենէ ետք, պաշտօնական յայտագիրը սկսաւ ողջոյնի խօսքով եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտնետու տողանցքով եւ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգներով։ Առաջնորդ Սրբազանը, կողքին ունենալով Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանը, աղօթքով կատարեց կեդրոնի օրհնութիւնը, ապա նաեւ բարերարներուն հետ կատարեց ցուցատախտակի քօղազերծումն ու ժապաւէնի հատումը՝ մասնակցութեամբ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի քաղաքական ներկայացուցիչ Տիար Աւետիք Իզմիրլեանի ու «Լեռնավայր» կոմիտէութեան ներկայացուցիչներուն։ Ապա, ներկաները սրահին մէջ վայելեցին ընթրիք-հիւրասիրութիւն մը։

Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը։ Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին յանձնախումբի ու հիւրընկալ կոմիտէութեան ներկայացուցիչները՝ Տեարք Մանուկ Չուխաճեան եւ Արման Պաղտոյեան։ Ընթրիքի պահուն ներկայացուեցաւ երաժշտական յայտագիր։ Ընտանիքին անունով սրտառուչ, հարազատ եւ հաւատքով տոգորուած խօսք մը արտասանեց Տիկին Հուրի Մելքոնեան։

Փակման իր խօսքն ու գնահատանքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը։ Ան առաջին հերթին շնորհաւորեց Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէն, հիւրընկալ կոմիտէն ու ներկաները, ապա կանգ առաւ այն գեղեցիկ զուգադիպութեան վրայ, թէ այդ օրը հայկական հին տոմարով Նոր Տարի է եւ ըստ տօնացոյցին մեր Փրկիչին անուանակոչութեան տօնն է, իսկ քանի մը օրէն, մեր եկեղեցին պիտի նշէ Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնը, որ մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ Անուանակոչութեան տօնին յաջորդող տարուան առաջին տօնն է, իսկ կեդրոնը կը կոչուի Տէր եւ Տիկին Յովհաննէս եւ Հռիփսիմէ Ճիվելէկեանի անունով. ան շնորհաւորեց Պարոն Յովհաննէսի անուանակոչութեան տօնը, յիշեցուց, որ անոր ազնիւ տիկինը կը կրէ Ս. Հռիփսիմէի անունը եւ երկու սուրբերն ալ նահատակուած են։ Այդ սուրբերը ռահվիրաներ հանդիսացան քրիստոնէութեան ու հայութեան ճամբաներուն մէջ ու մաղթեց, որ այս կեդրոնն ալ նման դերակատարութիւն ունենայ Փասատինայի հայութեան ու մասնաւորաբար երիտասարդութեան կեանքին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը դրուատիքով խօսեցաւ Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանի բարերարութեանց ու ծնողասիրութեան մասին, որուն գործնական նորագոյն վկայութիւնն է այս կեդրոնին բարերարութիւնը, իսկ նախընթացն էր Պըրպէնքի Երիտասարդական Կեդրոնի «Մելքոն եւ Անժէլ Մելքոնեան» մարզադաշտի բարերարութիւնը՝ ի պատիւ Տիար Վարանդի ծնողներուն։

Երեկոն շարունակուեցաւ խրախճանքով։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022