Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 22 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան նախագահեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդրանիկ համերգին, որ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ մէջ, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի եւ հոգաբարձութեան ու խմբավարութեամբ եկեղեցւոյ դպրապետին՝ Բարշ. Երուանդ Սրկ. Քէշիշեանին։ Համերգը ունէր բացառաբար Ս. Ծննդեան յայտագիր։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան։
Յանուն եկեղեցւոյ ծխական ընտանիքին ողջոյնի խօսք արտասանեց Հոգեւոր Հովիւը ու տօնական օրերու առիթով բարեմաղթութիւններ ուղղեց ներկաներուն, որոնք խուռներամ լեցուցած էին եկեղեցին։ Այնուհետեւ, երգչախումբն ու մենակատարները ներկայացուցին Ս. Ծննդեան շարականներու եւ երգերու շարք մը, հայերէն, անգլերէն եւ այլ լեզուներով։
Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքին մէջ գնահատանք արձանագրեց մշակութային այս գեղեցիկ արտայայտութեան մասին, վեր առնելով հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան եւ դպրաց դասի անդամներուն նուիրեալ ծառայութիւնը, մասնաւորաբար խմբավարին ճիգերը, որոնք հոգեկան բաւարարութիւն պարգեւող երեկոյ մը շնորհեցին հանդիսականներուն։ Ան մասնաւորաբար կանգ առաւ այն իրողութեան վրայ, որ Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած ու յատուկ երգացանկով կազմակերպուած համերգը առիթ եղաւ պահ մը անջատուելու առօրեայ տաղտուկներէ եւ հաղորդուելու մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնի մթնոլորտով։ Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին եւ յատկապէս դպրաց դասին ի գործ դրած հաւաքական ճիգերը, նուիրումն ու ծառայական ոգին, որ երանելի մթնոլորտ ու ներշնչում պարգեւեց ներկաներուն. սա Աստուծոյ նկատմամբ հաւատքի ու սիրոյ, իսկ եկեղեցւոյ հանդէպ մեր ունեցած նուիրումին դրսեւորումն է, շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ մաղթեց, որ Նոր Տարուան սեմին, ներկաները հաւատքով պարուրուած ամբողջական յանձնառութիւն ունենան, յոյսով լիցքաւորուին եւ սիրով առաջնորդուին։ Ան նաեւ աղօթք բարձրացուց, որ Խաղաղութեան Իշխանը՝ Քրիստոս, խաղաղութիւն պարգեւէ աշխարհին ու մեր համայնքներուն, վերանորոգէ մեր հոգեւոր կեանքն ու ծառայութիւնները, եւ յորդորեց բոլորը, որ ամանորի այս օրերուն եւ տարուան բոլոր օրերուն փառք տան Աստուծոյ, փառաբանեն Տէրը եւ երախտագիտութիւն յայտնեն Անոր բոլոր բարիքներուն համար։ Ան իր խօսքը աւարտեց ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով բարեմաղթութիւններ ուղղելով ներկաներուն։
Տէր Հայրը, յանուն ծխական համայնքին, յուշանուէր մը յանձնեց դպրաց դասի անդամներէն Տիար Զաւէն Պոյամեանի՝ անոր աւելի քան 30 տարիներու ծառայութեան համար։ Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց եւ գնահատեց Տիար Պոյամեանի անձնուէր ծառայութիւնը, սկսելով Լիբանանէն՝ հասնելով մինչեւ մեր ափերը։
Երեկոյի պաշտօնական բաժինը վերջ գտաւ «Կիլիկիա»ով եւ հոգեւոր հայրերու «Պահպանիչով»։ Հոգաբարձութիւնը կազմակերպած էր պատշաճ հիւրասիրութիւն։