Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան 2016 տարուան առաջին Կիրակին, 3 Յունուարը բոլորեց Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ ծխական համայքին հետ, հանդիսապետեց Ս. Պատարագին եւ ներկայ հաւատացեալներուն ուղղեց իր տարեմուտի պատգամը, իսկ արարողութեան աւարտին, կատարեց օրհնութիւնը եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կառուցուած նոր պարտէզին, որուն բարերարն է Տիար Կարպիս Արսլանեան, ի յիշատակ իր տիկնոջ՝ Մարիամի: Ս. Պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան:
Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը սկսաւ փառք տալով Աստուծոյ, որ բոլորիս շնորհած է տարի մը եւս բոլորելու առիթը, շնորհաւորեց ծխական համայնքի զաւակները՝ նոր տարուան առիթով, եւ մաղթեց, որ նոր տարին ըլլայ լի սիրով, առողջութեամբ, երջանկութեամբ ու խաղաղութեամբ: Ան անդրադարձաւ Ս. Ծննդեան խորհուրդներուն, որոնք մարդուն կը ներկայանան սիրոյ, խաղաղութեան ու բարեսիրութեան, համեստութեան ու ծառայասիրութեան պատգամներով, եւ որոնք մարմնաւորուեցան Աստուածորդւոյն երկրաւոր առաքելութեամբ: Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ օրուան աւետարանական ընթերցումը (Ղուկ. 22:24-30) արտացոլացումն է համեստութեամբ գործելու Տիրոջ պատգամին, եւ ուր կը ներկայացուի Յիսուսի աշակերտներուն միջեւ այն վէճը, թէ ո՞վ է իրենցմէ ամէնէն մեծը: Ան նկատել տուաւ, որ մեծութիւնը կ’արտայայտուի առաւելագոյն համեստութեամբ ու ծառայութեամբ, հոգեկան ցնծութիւնը կը բխի ուրիշներուն տալու եւ ծառայելու, սեփական ու հաւաքական կեանքին մէջ բարելաւումի ձգտող գործերէ: Յիշեցնելով, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2016 տարին հռչակած է Ծառայութեան Տարի, Առաջնորդ Սրբազանը մաղթեց, որ այս պատգամը կեսաւորուի մեր համայնքին մէջ, անհատական ու հաւաքական ծառայութեամբ, եւ նպաստ բերէ մեր եկեղեցիներուն, դպրոցներուն եւ ազգային միաւորներու բարգաւաճումին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Արցախի եւ Սուրիոյ մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն ի նպաստ նուիրաբերումով:
Առաջնորդ Սրբազանը դրուատիքով արտայայտուեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, ծառայողներուն ու բարերարներուն ներդրումներուն մասին, յատկապէս վեր առնելով համայնքի զաւակներէն Տիար Կարպիս Արսլանեանի նուիրաբերումը, ի նպաստ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ նոր պարտէզի մը կառուցման, ի յիշատակ իր տիկնոջ: Ան հաւատացեալները հրաւիրեց առաւելագոյն կարելիութեամբ ծառայելու եւ նուիրաբերելու մեր եկեղեցւոյ ու ազգին, մաղթելով, որ նոր տարին առիթ ըլլայ գնահատումը կատարելու մեր անցեալի իրագործումներու եւ ուխտելու բազմապատկելու մեր ճիգերը:
Հոգեհանգստեան պահուն, աղօթք բարձրացուեցաւ հանգուցեալ Մարիամ Արսլանեանի յիշատակին. Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց յիշատակը հանգուցեալին, ապա, թափօրով ուղղուեցաւ դէպի նորակառոյց պարտէզը, ուր բարերարին եւ հաւատացեալներու ներկայութեան, կատարեց պարտէզին օրհնութիւնը:
Արարողութիւններէն ետք, հիւրընկալութիւն տեղի ունեցաւ «Ղուկասեան» սրահին մէջ: