Կիրակի, 5 Օգոստոս 2012-ին, Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագին հանդիսապետեց, Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի պատկերին օծումը կատարեց եւ իր պատգամը տուաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։
Պատարագիչն էր եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը՝ Արժ. Տ. Հրանդ Աւ. Քհն. Երէցեան։ Քարոզէն առաջ, Տէր Հայրը ներկայ հաւատացեալներուն յայտնեց թէ Առաջնորդ Սրբազանը ծխական համայնքին հետ է միասնաբար աղօթելու եւ յընթացս Ս. Պատարագի կատարելու սրբապատկերի օրհնութիւնն ու օծումը. ան հրաւիրեց ներկաները հետեւելու Սրբազան Հօր ձեռամբ կատարուելիք սրբապատկերի օծումի հոգեպարար արարողութեան։
Դպրաց Դասին կողմէ »Ուրախ լեր սուրբ եկեղեցի« շարականին երգեցողութեան պահուն, սարկաւագներ, բուրվառակիր եւ դպիրներ, թափօր կազմած՝ Սրբազան Հայրը առաջնորդեցին Ս. Խորան։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց սրբապատկերին օծումը. սրբապատկերը եկեղեցւոյ նուիրած էին Տիկ. Սիրվարդ Տէյիրմէնճեան եւ իր զաւակները՝ Տէր եւ Տիկ. Տոքթ. Ժան եւ Յասմիկ եւ Տէր եւ Տիկ. Տոքթ. Պարոյր եւ Սանտրա Տէյիրմէնճեաններ, իրենց ամուսնոյն եւ հօր՝ հանգուցեալ Յակոբ Տէյիրմէնճեանի յիշատակին։ Յակոբ Տէյիրմէնճեան մաս կը կազմէ նուիրեալներու այն փաղանգին, որ հիմնադրած է Ս. Քառասնից Մակնանց եկեղեցին ու ապա, տարիներ շարունակ ծառայած է իբրեւ հոգաբարձու։
Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ »այսօր մեր եկեղեցւոյ Ս. հայրերու իմաստուն կարգադրութեամբ՝ Ս. Աստուածածնի Բարեկենդանի Կիրակին է, որ կը հրաւիրէ մեզ բոլորս՝ խոկումով ու աղօթքով պատրաստուելու եւ յառաջիկայ Կիրակի արժանաւորապէս տօնելու Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը՝ մեր եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մէկը։ Այս տօնը պէտք է ըլլայ առիթ մը բոլոր մայրերուն ու յատկապէս հայ մայրերուն՝ հետեւելու Աստուածամօր կերպարին, եւ անկեղծ հաւատքով դառնալու տիպար մայր՝ զարդարուած աստուածային շնորհներով«։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բացատրեց մեր եկեղեցիներուն մէջ սրբապատկեր ունենալու խորհուրդն ու անդրադարձաւ անոնց հետ հաւատացեալներուն կապուածութեան, եւ ըսաւ.- »Հայ եկեղեցւոյ կողմէ սուրբերու պատկերին նկատմամբ ցուցաբերուած յարգանքն ու սէրը պաշտամունք չէ, այլ՝ Աստուծոյ մօտ բարեխօսութեան խնդրանքի արտայայտութիւն։ Սուրբերը, Աստուծոյ ընտրեալները ըլլալով, Աստուած ուրախութեամբ կþընդունի անոնց կատարած բարեխօսութիւնները եւ հաճոյքով կը կատարէ զանոնք։ Սուրբերը աւելի մօտ են Աստուծոյ, քան մենք«։
Օրուան Ճաշու Աւետարանէն մէջբերումներ կատարելով, Առաջնորդ Սրբազանը խօսեցաւ մարդուն մէջ հաւատքի կարեւորութեան մասին, որ կարելի կը դարձնէ Աստուծոյ գթառատ ողորմութեան եւ թողութեան արժանանալ։ Ան յիշեցուց, որ հաւատքով լեցուած մարդիկ պատգարակով տանիքէն անդամալոյծ հիւանդ մը Քրիստոսի առջեւ իջեցուցին, խնդրելով, որ Ան բուժէ անդամալոյծը. այդ արարքը ցուցանիշ մըն էր Քրիստոսի հանդէպ բարեկամներուն ունեցած հաւատքին եւ վստահութեան, հետեւաբար՝ պատգամեց ջանալ միշտ ունենալ բարի ու հաւատաւոր բարեկամներ, որոնք լեցուած ըլլան աստուածային սիրով ու անոր հանդէպ հաւատքով, որպէսզի դժուարութեանց ժամանակ կարենանք վստահիլ անոնց։
Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ վեր առաւ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հանդէպ հանգուցեալ Յակոբ Տէյիրմէնճեանի տածած սէրն ու նուիրումի ոգին, յիշելով այս եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսչութեան իր օրերուն ունեցած սերտ գործակցութիւնը. ան շեշտեց, որ հանգուցեալը մնաց յարգելի անձնաւորութիւն՝ շնորհիւ իր անսակարկ նուիրումին ու ծառայութեան։ Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց հանգուցեալին յիշատակը, ինչպէս նաեւ անոր ընտանիքին անդամները։
»Տէր ողորմեա«-ի պահուն, յատուկ աղօթք բարձրացուեցաւ սուրիական հայրենիքի եւ յատկապէս հայ ժողովուրդի բարօրութեան ու երկրին մէջ խաղաղութեան հաստատման համար։