Կիրակի, 8 Հոկտեմբեր 2017-ին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ ուղղեց իր պատգամը։ Պատարագիչն էր Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան։ Աղօթակից էին Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեանն ու Արժ. Տ. Խորէն Ա. Քհնյ. Հապէշեանը։ Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը օծումը կատարեց Ս. Սարգիս Զօրավարի նոր սրբապատկերին, որուն նուիրատուն էր Օհաննէսեան ընտանիքը, ի յիշատակ ծնողաց՝ Մարտիրոս եւ Կասիա Օհաննէսեաններու։ Նշենք, որ նոյն օրը, տնօրինութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ «Տէր Ողորմեա»ի աղօթք բարձրացուեցաւ Լաս Վեկասի զոհերու յիշատակին։
Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ նախընթաց օրուան տօնին՝ Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի 72 աշակերտներուն եւ յաջորդ շաբթուան՝ Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետներու յիշատակին վրայ։ Ան նշեց, որ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս 12 առաքեալներու կողքին ունէր նաեւ 72 աշակերտներ, որոնց պատուիրեց՝ «Գացէք ամբողջ աշխարհը եւ բոլոր մարդոց քարոզեցէք Աւետարանը» (Մարկոս 16։15)։ Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ Քրիստոսի այս մեծ պատուիրանն ու յանձնարարութիւնը այսօր ալ անժամանցելի է եւ հրաւէր մը իւրաքանչիւրիս, որպէսզի Իր ճշմարիտ աշակերտները ըլլանք, ծառայենք հաւատարմութեամբ եւ կառչած մնանք Իր պատուիրաններուն։ Ան բացատրեց Քրիստոսի աշակերտելու իմաստը եւ շեշտեց, որ «Քրիստոսի աշակերտ կը դառնանք այն ժամանակ, երբ զԻնք դարձնենք մեր կեանքի կիզակէտը, հնազանդինք Իր ուսուցումներուն եւ պատուիրաններուն, ընտելանանք Աստուածաշունչ մատեանին, Աստուծոյ հետ մնայուն հաղորդակցութեան մէջ ըլլանք աղօթքով, մեր հաւատքը բաժնեկցինք մեր նմաններուն հետ եւ մեր կեանքով ու ծառայութեամբ օրինակ դառնանք ուրիշներուն»։
Խօսելով Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետներու աւանդին ու տօնէն բխող խորհուրդին մասին, Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ իբրեւ աշխարհով մէկ սփռուած ազգի զաւակներ, պարտաւոր ենք զգոյշ ըլլալ արտաքին ազդեցութիւններէն՝ պահպանելու համար մեր ինքնուրոյն հաւատքը, դարաւոր ժառանգութիւնն ու Թարգմանչաց վարդապետներուն կտակը։ Անդրադառնալով օրուան Ճաշու Գիրքին մէջ յիշատակուած համարին, որ կ’ըսէ.- «Քննեցէ՛ք դուք ձեզ, տեսնելու համար թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք» (Բ. Կորնթացիս 13։5), Առաջնորդ Սրբազանը կոչ ուղղեց ներկաներուն, որպէսզի իւրաքանչիւր ոք քննէ՛ իր հաւատքը եւ տեսնէ թէ հաւատարի՞մ է նախնեաց հաւատքին։ Ապա, յորդորեց ներկաները հետամուտ ըլլալու մեր նախահայրերու ամուր հաւատքին, որպէսզի արդիւնաւէտ նուիրեալները դառնան մեր եկեղեցւոյ ու ազգին։ «Մեր հաւատքի ու ժառանգութեան գոյատեւման ու յառաջընթացի պարտականութիւնը դրուած է մեր եւ նոր սերունդի ուսերուն», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, յորդորելով՝ տոգորուիլ Քրիստոսի 72 աշակերտներու եւ Սբ. Թարգմանչաց վարդապետներու հաւատքով եւ խթանել նոր սերունդը հետեւելու անոնց հաւատքին ու ժառանգութեան։
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ Լաս Վեկասի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական անարգ ոճիրին, որ խլեց 60 զոհ ու 500 վիրաւորներ եւ կոչ ուղղեց հաւատացեալ ժողովուրդին, որպէսզի աղօթք բարձրացնեն առ Աստուած՝ զոհերուն յաւիտենական հանգիստին եւ անոնց հարազատներուն վիշտերու ամոքման համար։ Ի վերջոյ, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ նոյն օրը նաեւ կը զուգադիպէր հանգուցեալ Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Շրիգեանի զաւկին՝ Մովսէս Շրիգեանի մահուան քառասունքին։ Ան ցաւակցութիւն յայտնեց հանգուցեալին հարազատներուն։
Արարողութիւններէն ետք, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, հոգաբարձութիւնը եւ Տիկնանց Միութիւնը յատուկ ընդունելութիւն մը կազմակերպած էին ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազանին, անոր կուսակրօն քահանայութեան աւելի քան 40 տարիներու վաստակին, Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 20-ամեակին եւ ծննդեան 60-րդ տարեդարձին առիթով։ Հիւրասիրութիւնը տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ կից «Ղուկասեան» սրահին մէջ։ Ներկայ էին Հոգեւոր հովիւը, հոգաբարձութեան անդամները, Հ.Յ.Դ. «Արմէն Գարօ» Կոմիտէի ներկայացուցիչները, Տիկնանց Միութեան անդամներն ու հաւատացեալները։
Առաջնորդ Սրբազանին բարի մաղթանքի խօսքեր ուղղեցին Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանն ու հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Հրայր Ճերմակեանը։ Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց գեղեցիկ անակնկալին համար եւ բարի երթ մաղթեց բոլորին։