Հոգեգալստեան Տօնին՝ Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիսապետեց Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ Հայրերու Օրուան Ճաշկերոյթին – Աղօթք Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկին Համար

Կիրակի, 9 Յունիս 2019-ը Հոգեգալստեան տօնին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ ուղղեց իր պատգամը։

Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի խնդրանքով եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, նոյն օրը, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ աղօթք բարձրացուեցաւ հիմնարկին հոգածութիւնը վայելող հիւանդներուն առողջութեան եւ նուիրեալներու զօրակցութեան համար։ Հիմնարկի նախագահ Դոկտ. Ֆրիտա Ճորտըն եւ անդամներ ներկայ էին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին։

Ս. Պատարագը մատուցանեց հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան։

Նախքան իր հոգեւոր խօսքը, Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց ոսկրածուծի հիմնարկին ներկայացուցիչները գնահատելով զիրենք իրենց 20ամեայ ազգանուէր եւ մարդասիրական ծառայութեան համար։

Այնուհետեւ, տօնին խորհուրդով լի իր իր պատգամին մէջ, վեր առաւ Ս. Հոգւոյ ներգործութիւնը մեր կեանքերուն մէջ, խնդրելով ամենակալէն որ այնպէս ինչպէս առաքեալները Ս.
buy suhagra online blackmenheal.org/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/suhagra.html no prescription

Հոգւոյ կրակով եւ պարգեւներով գօտեպնդուեցան, մենք եւս պայծառազարդուինք անոր շնորհքներով։

«Տէր Ողորմեա»ի պահուն, յատուկ աղօթք բարձրացուեցաւ նաեւ Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի խնամքը վայելող հիւանդներուն ու ծառայողներուն համար։

Արարողութեան աւարտին, Դոկտ. Ճորտըն հակիրճ կերպով խօսեցաւ Հիմնարկին պատմութեան եւ առաքելութեան մասին ու շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Թեմիս եկեղեցիներուն իրենց շարունակական քաջալերանքին համար։

Ս. Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան կազմակերպած Հայրերու Օրուան ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ «Յովհաննէս եւ Հռիփսիմէ Ճիվելէկեան երիտասարդական կեդրոնին» մէջ։

Սեղաններու օրհնութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը փոխանցեց իր օրհնութեան խօսքը բոլոր հայրերուն, շնորհաւորելով զիրենք եւ մաղթելով, որ Ս. Հոգւոյ զօրութեամբ եւ շնորհքներով գօտեպնդուին, որպէսզի մեր ընտանեկան օճախները ջերմ ու պայծառ մնան։ Խօսք առաւ Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Յակոբ Ետալեան։ Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը կատարողութեամբ եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամներուն։ Ձեռնարկը վերջ գտաւ հոգեւոր հովիւին փակման աղօթքով։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022