Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիսապետեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին – Աւագութեան Տիտղոս Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Թորոսեանի – Սրբոց Թարգմանչաց Տօնակարութիւն


Կիրակի, 16 Հոկտեմբեր 2016-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, Աւագութեան տիտղոս շնորհեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Թորոսեանին եւ օրուան յատուկ հոգեւոր պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն: Ներկայ էին եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամներն ու հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը: Ս. Պատարագը մատուցանեց Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Թորոսեան:

Ընդառաջելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր դիմումին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը գնահատելով Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Թորոսեանի բազմամեայ ծառայութիւնը՝ Աւագ քահանայութեան տիտղոս շնորհեց անոր։

Քարոզէն առաջ, «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ, Վեհափառ Հայրապետի սրբատառ կոնդակը բերուեցաւ խորան Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեանին կողմէ. Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընթերցեց կոնդակն ու Աւագ քահանայութեան տիտղոս շնորհեց քահանայ հօր։ Ան նախ եւ առաջ գնահատեց անոր անցնող քսանեւեօթ տարիներու նուիրեալ ծառայութիւնը՝ որուն տասնըհինգը մեր Թեմին մէջ, ապա շնորհաւորեց զինք, ընտանիքն ու Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ ծխական համայնքը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ հոգեւորականներուն ընծայուած պատիւները լոկ մեծարանքի տիտղոսներ չեն, այլ մանաւանդ՝ հաւատարմութեան, խոնարհութեան եւ համեստութեան խթաններ, ուխտի վերանորոգում, հաւատարմութեամբ եւ հնազանդութեամբ ծառայելու Աստուծոյ Ս. Սեղանին եւ հօտին:

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադառնալով օրուան աւետարանական դրուագին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անապատէն Նազարէթ վերադառնալուն եւ ժողովարանին մէջ Եսայի Մարգարէութեան ընդմէջէն Աստուածոյ խոստումին աւետիսը փոխանցելուն (Ղուկաս 4:14-24), նշեց որ փորձութիւններ անյապաղ պիտի կատարուին մեր կեանքերէն ներս, բայց մենք հետեւելով Յիսուս Քրիստոսի օրինակին եւ անսալով Անոր փրկութեան աւետիսին, պէտք է յաղթական դուրս գանք ամէն տեսակի աշխարհիկ եւ երկրաւոր փորձութիւններէ եւ հաւատքի կեանքով Ճշմարտութիւնը ճանչնանք, ապաւինինք Աստուծոյ եւ անսանք Քրիստոսի ուսուցումներուն: «Աստուածգիտութեան հասնելու ճանապարհը մէկ է, մեր հոգիներուն եւ էութեան մէջ ընդունիլ Յիսուս Քրիստոսի սէրը, եւ այդ նոյն սիրով սիրել մեր նմանները» շեշտեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը:

Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ Թորոսեան իր կարգին երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին եւ Առաջնորդ Սրբազանին, որոնք զինք արժանի նկատած են այս պատիւին:

Ս. Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ կից «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց տօնակատարութիւն, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, հիւրընկալութեամբ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն եւ հոգաբարձութեան եւ կազմակերպութեամբ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ս. Գրոց սերտողութեան խմբակներուն։

Գրիգոր Եղբ. Մսրլեան բացումը կատարեց։ Յանուն Ս. Գրոց սերտողութեան խմբակներուն, ան Առաջնորդ Սրբազան Հօր նուիրեց յուշատախտակ մը, իբրեւ գնահատանք տարիներու հոգեւոր Առաջնորդի վաստակին եւ ծառայութեան։ Հանդիսավարութիւնը կատարեց Տիկ. Արփի Կիտցինեան։ Գլխաւոր բանախօսն էր Տոքթ. Յակոբ Տիգրանեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկաները հաղորդակից դարձուց Թարգմանչաց Ս. վարդապետներու դարաւոր աւանդին եւ անոնց կտակած ոսկեղնիկ լեզուին ու գրականութեան հետ, ապա, գնահատեց Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ս. Գրոց սերտողութեան խմբակներու անդամները ու յատկապէս Գրիգոր Եղբ. Մսրլեանը, որոնք արժանաւոր ժառանգորդներն են Առաքելահիմն Ս. Եկեղեցւոյ եւ հաւատարիմ ծառաները Աստուծոյ խօսքին։

Ապա, տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում՝ Առաջմորդ Սրբազան Հօր քահանայական օծման քառասուն եւ Առաջնորդութեան քսան ամեակներուն առիթով:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022