Կիրակի, 16 Յունիս 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ ուղղեց իր պատգամը։ Օրուան պատարագիչն էր հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան։
Հայրերու Օրուան առիթով եւ տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Ս. Պատարագի ընթացքին գնահատանքի արժանացան երկու օրինակելի հայրեր՝ Տեարք Օննիկ Պէրպէրեան եւ Կէրի Տաղլեան։
Առաջնորդ Սրբազանը Եղիա մարգարէի կիրակիի խորհուրդը վեր առնող իր հոգեւոր պատգամի աւարտին, հայրերու օրուան առթիւ օրհնեց եւ շնորհաւորեց բոլոր հայրերը եւ ընդգծեց տիպար հօր յատկանիշները, յորդորելով, որ անոնք պէտք է ըլլան հաւատացեալ, հաւատարիմ եւ օրինակ դառնան իրենց զաւակներուն բարեպաշտութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ, դրական ներշնչում եւ յոյս տալու իրենց ընտանիքներուն։
Տէր Հայրը ներկայացնելով օրուան մեծարեալները՝ վեր առաւ Օննիկ Պէրպէրեանի նիւթաբարոյական նուիրուածութիւնը Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ, Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանին եւ որպէս ատենապետ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լոս Անճելոսի մասնաճիւղին, ինչպէս նաեւ գնահատեց Կէրի Տաղլեանի նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ։
Յանուն ծխական համայնքին, Առաջնորդ Սրբազանը իր կողքին ունենալով Հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Մարտիկ Պուլտուգեանը եւ անդամ Մատլէն Աշճեանը, յուշատախտակներ փոխանցեց մեծարեալներուն։