Կիրակի, 24 Նոյեմբեր 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ ուղղեց իր պատգամը։ Ս. Պատարագը մատուցանեց հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան։
Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց ՀՕՄ-ի «Մայր» մասնաճիւղի կազմակերպած աւանդական Գոհաբանութեան ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հանդիսավարուհի՝ Տիկին Յասմիկ Խաչատուրեան։
Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեն յիշատակը, վերջերս իրենց մահկանացուն կնքած մասնաճիւղի անդամուհիներ՝ Մարկօ Սերոբեանի եւ Հուրիկ Ապտուլեանի, որոնք միաժամանակ ծառայած էին նաեւ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ եւ Ազգ. Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանին։
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով եւ երախտագիտութամբ յիշեց անոնց տասնեակ տարիներու ծառայութիւնը այս համայնքէն ներս, ինչպէս նաեւ Հուրիկ Ապտուլեանի երկարամեայ վաստակը որպէս Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութեան անդամ եւ իր ցաւակցութիւնները յայտնեց իրենց կորուստին տխուր առիթով։ Ապա, ան իր գնահատանքն ու Գոհաբանութեան օրուան բարեմաղթութիւնները փոխանցեց «Մայր» մասնաճիւղի նուիրեալ անդամուհիներուն, ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուող պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ հիւրերուն։
Յայտագիրի ընթացքին, յատուկ գնահատանքի արժանացան «Մայր» մասնաճիւղի նուիրեալ անդամուհիներ՝ Տիկին Ատրինէ Գոճանեան եւ Տիկին Այտա Բարսեղեան։