Կիրակի, 25 Դեկտեմբեր 2016-ին, Ստեփանոս Նախավկայի տօնը անմոռաց պիտի մնայ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ հաւատացեալներու յիշողութեան մէջ:
Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան, ընդառաջելով եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան հրաւէրին, հանդիսապետեց Ս. Պատարագին, յաւուր պատշաճի քարոզեց եւ օրհնեց ներկայ սարկաւագները, ուրարակիրները եւ Ս. Սեղանին նուիրեալ ծառայողները: Ս. եւ անմահ Պատարագը մատուցանեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան: Ներկայ էին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ յարակից մարմիններու անդամներն ու ծխական համայնքի հաւատացեալ ժողովուրդը:
Տէր Ողորմեայէն առաջ, «Ստեփանոս Քաղցրիկ Տատրակ» շարականին ուղեկցութեամբ, մոմեր իրենց ձեռքերուն, դաս մտան սարկաւագներն ու ուրարակիրները, եւ ստացան Առաջնորդ Սրբազան Հօր գնահատանքն ու օրհնութիւնը. ան վեր առնելով Ստեփանոս Նախասարկաւագի եւ առաջին մարտիրոսի առաքինի վարքն ու սրբակենցաղ կեանքը՝ հրաւիրեց սարկաւագները հետեւելու Ս. Ստեփանոսի օրինակին, եւ իրենց կարգին խոնարհ ծառայութեամբ օրինակ դառնալու բոլորին:
Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մեկնաբանեց օրուան ճաշու աւետարանին մէջ նշուած Փարիսեցիին եւ Մաքսաւորին առակը (Ղուկաս 18:9-14), զուգահեռական մը կատարելով խոնարհութիւնը ջատագովող Քրիստոսի այս առակին եւ օրուան մեծ խորհուրդին՝ Ս. Ստեփանոսի խոնարհ եւ նուիրեալ ծառայութեան միջեւ, շեշտելով, որ Ստեփանոս, շարականագիրին խօսքերով, «թէպէտ մարմնով, սակայն հրեշտակ» մըն էր: Ստեփանոս, իր քաջ քարոզութեամբ, անմնացորդ նուիրումով, համեստ եւ խոնարհ ծառայութեամբ եւ հրեշտակային հոգիով դարձաւ իսկական տիպարը մեր սարկաւագներուն եւ եկեղեցւոյ ծառայողներուն, սակայն իր խիզախ եւ անզիջող կեցուածքին համար ամբաստանութեան եւ զրպարտութեանց զոհ դառնալով, նահատակուեցաւ քարկոծուելով, դառնալով Քրիստոսի լոյս հաւատքին առաջին նախավկան, աղօթելով առ Աստուած, որ ներէ զինք քարկոծողներուն, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ինչ կ՛ընեն:
Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ աղօթողը չի կրնար միաժամանակ հպարտութիւն դրսեւորել ու իր նմաններուն հանդէպ արհամարհական կեցուածք ունենալ: Ան հրաւիրեց բոլորը խոնարհութեամբ ծունկի գալու իրենց հոգիներուն մէջ եւ հետեւելով Սոկրատի «Ծանիր զքեզ»ին, տարուան այս վերջին Կիրակին հաշուեյարդարի ենթարկելու անցեալի գործունէութիւնը եւ վերանորոգեալ հոգիներով, սիրով, հաւատքով եւ յոյսով դիմաւորելու Նոր Տարին եւ Քրիստոսի Ս. Ծնունդը՝ խաղաղութեան մէջ:
Սրբազան Հօր պատգամի աւարտին, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը յանուն Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, երեսփոխաններուն, յարակից մարմիններուն, համայնքի հաւատացեալներուն եւ անձամբ իր անունով շնորհակալական եւ երախտիքի խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ իր օրհնաբեր այցելութեամբ եւ ոգեշունչ պատգամով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հռչակած վերանորոգման տարուան սեմին, վերանորոգեց, ոգեշնչեց եւ ոգեւորեց ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը: Ապա խնդրեց ներկաներէն, որ «Տէր Ողորմեա»ի ընթացքին աղօթք բարձրացնեն առ Աստուած, Առաջնորդ Սրբազան Հօր քաջառողջութեան եւ արեւշատութեան համար, որ ընդ երկար աւուրս շարունակէ իր հովուական սրբազան առաքելութիւնը մեր Տիրախնամ թեմէն ներս:
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց հոգեհանգստեան պաշտօնին, որմէ ետք, եկեղեցւոյ երգչախումբը ներկաներու ձայնակցութեամբ հնչեցուց «Կիլիկիա»ն: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, օրհնելով հաւատացեալները՝ զանոնք արձակեց խաղաղութեամբ: