Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ Տարուան Վերջին Ս. Պատարագին Առաջնորդ Սրբազանը Վեր Առաւ Ս. Ստեփանոս Նախավկայի Օրինակելի Կեանքն ու Արժանիքները


Մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Շաբաթ, 26 Դեկտեմբեր 2015ը տօնն էր քրիստոնէութեան առաջին նահատակ Ս. Ստեփանոս սարկաւագին: Այս տօնը մեր եկեղեցիներուն մէջ կը նշուի յատուկ արարողութեամբ, որովհետեւ անիկա տօնն է նաեւ եկեղեցւոյ ծառայող սարկաւագներուն:

Այս տօնին առիթով, Կիրակի, 27 Դեկտեմբերին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ ուղղեց Ս. Ստեփանոսի նահատակութեան խորհուրդն ու նախավկային արժանիքները վեր առնող պատգամ մը: Ս. Պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ հովիւը՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան: Ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան երէց անդամներէն Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան եւ Ազգ. Վարչութեան փոխ ատենապետ Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան:

Նախքան քարոզի պահը, Ս. Ստեփանոսի յիշատակը նշուեցաւ «Ստեփանոս, Քաղցրիկ Տատրակ» շարականին երգեցողութեամբ, մինչ սարկաւագներն ու ուրարակիրները խորան բարձրացան, մոմերը ի ձեռին, եւ ստացան Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնն ու բարի մաղթանքները:

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ սարկաւագներու առաքելութեան ու ծառայական կեանքին վրայ, ընդգծելով, որ Ս. Ստեփանոս իր առաքինի կեանքով, Աստուծոյ Խօսքին խոր իմացութեամբ եւ մանաւանդ հաստատ հաւատքով ու Քրիստոսի ուղիին հաւատարմութեամբ՝ օրինակելի տիպար մը կը հանդիսանայ բոլոր քրիստոնեաներուն ու մասնաւորաբար եկեղեցւոյ ծառայողներուն: Ան զոհողութեան ու յանձնառութեան մարմնացում մըն էր, հաւատարիմ ծառան՝ Աստուծոյ խօսքին: Աստուած անոր շնորհած էր իմաստութիւն, զոր ան ի սպաս դրած էր աստուածգիտութեան մէջ գիտելիքներու խորացման: Ան քաջ վկայ մըն էր քրիստոնէական հաւատքին եւ իր կեանքը զոհաբերեց հաւատքի պաշտպանութեան համար: Հետեւաբար, մեր եկեղեցիներուն այսօրուան ծառայողներն ալ պարտին հետեւիլ անոր օրինակին, հետամուտ ըլլան Աստուածաշունչի գիտելիքներուն, եւ աւելին՝ իւրացնեն ու կիրարկեն իրենց կեանքերուն մէջ:

Անդրադառնալով օրուան Աւետարանի ընթերցումէն բխող պատգամին, Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ շեշտեց հաւատարմութեամբ ծառայելու կարեւորութիւնը, յիշեցնելով որ Երկնաւոր Հայրը շնորհքներ պարգեւած է իւրաքանչիւր անհատի, որպէսզի զանոնք շահարկէ ու բազմապատիկ արդիւնքի հասնի. հաւատացեալը պարտի լաւագոյնս օգտագործել Աստուծոյ պարգեւները, որովհետեւ, ինչպէս կը պատգամէ Տէրը՝ «ունեցողին աւելիով պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի ունեցած ամենէն փոքր բաժինն ալ»։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց հոգեհանգստեան արարողութեան: Յատուկ աղօթք բարձրացուեցաւ ազգային բարերար Յարութ Պարսամեանի հոգւոյն համար, անոր մահուան քառասունքին առիթով: Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ Յ. Պարսամեանի կեանքի վաստակին, որմէ հանգուցեալը առատօրէն բաժին հանած էր Ազգ. Առաջնորդարանին, Օրէնճ Քաունթիի ծխական համայնքին եւ կրթական հաստատութեանց: Ան ցաւակցութեան խօսք ուղղեց հանգուցեալի հարազատներուն, նշելով, որ Յարութ Պարսամեան պիտի յիշուի իբրեւ նուիրեալ ու նուիրաբերող օրինակելի հայորդի:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022