Չորեքշաբթի, 18 Փետրուար 2015ին, տեղի ունեցաւ Մեծ Պահոց առաջին Արեւագալի արարողութիւնը։ Տարիներու սովորութեան համաձայն, այս տարի եւս, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Մեծ Պահքի առաջին Արեւագալի արարողութեան, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեանի։ Արարողութեան ներկայ եղան նաեւ Ազգ. Ֆերահեան Վարժարանի երկրորդական բաժնի դասարաններու աշակերտները։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Մեծ Պահոց խորհուրդին եւ հաւատացեալներուն փոխանցեց օրուան հոգեւոր պատգամը, յատկապէս վեր առնելով Ցեղասպանութեան 100ամեակին. “2015-ը բոլորիս համար տարբեր իմաստ եւ տարբեր պատգամ ունեցող տարի է, որովհետեւ ցեղասպանութեան 100ամեակն է, ազգային պահանջատիրութիւնը նոր շեշտաւորումով եւ նոր ծառայական կեանքի ուխտի վերանորոգումով ապրելու տարի է”, շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը, ապա, անդրադառնալով Մեծ Պահոց խորհուրդին, յիշեցուց, Մեծ Պահոց շրջանը մեզի կու տայ մեր կեանքը վերանորոգելու, մեր ներաշխարհը քննելու, կշռելու, դատելու եւ ըստ այնմ սրբագրելու առիթը։ Ան յիշեցուց որ Յիսուսի աշխարհ առաքելութիւնն ու զոհաբերումը մարդկութիւնը փրկելու նպատակով էր: Խօսքը աշակերտներուն ուղղելով՝ Պօղոս Առաքեալի խօսքին հետեւողութեամբ, Առաջնրդ Սրբազանը շարունակեց. “Քննեցէք դուք ձեզ, տեսնելու համար որ տիպար աշակերտնե՞ր էք, ձեր ծնողներուն հնազանդ զաւակնե՞ր էք, հայ ազգի հաւատարիմ զաւակնե՞ր էք”, ու նկատել տուաւ, որ Մեծ Պահքի շրջանը նաեւ հրաւէր է բարեփոխելու մեր կեանքն ու ընթացքը: “Նաեւ, մտածենք, որ բիւրաւոր հայ մանուկներ ու աշակերտներ նահատակուեցան 1915-ին եւ առիթը չունեցան մեր վարժարաններէն ներս կրթութիւն ստանալու։ Որպէսզի յարգէք անոնց յիշատակը եւ աւանդը, որպէսզի նահատակներուն վրէժը լուծէք ցեղասպան թուրքէն, աւելի լաւ աշակերտներ ու տիպար զաւակներ պիտի ըլլաք ձեր ծնողներուն”, շեշտեց ան:
ՊԱՀՔԻ ՃԱՇ Եկեղեցական արարողութենէն ետք, ՀՕՄի “Անահիտ” մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, “Տիգրանեան” սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած պահքի առաջին ճաշը։ Բարի գալուստի խօսք արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետուհի Տիկ. Սօնա Պոսթանեան։ Ճաշի ընթացքին, գեղարուեստական յայտագիրի բաժինով, Ֆերահեան Ազգ. վարժարանի աշակերտներ մթնոլորտը խանդավառեցին արտասանութեամբ, նուագով եւ ազգայնաշունչ երգերով։ Ողջոյնի խօսք ուղղեց նաեւ Աթէնքէն հիւրաբար գտնուող ծանօթ մտաւորական Տիկ. Էվա Տէրվիշեան-Պէրպէրեան։
Առաջնորդ Սրբազանը արտասանեց գնահատանքի խօսք, անդրադառնալով Մեծ Պահքի խորհուրդին ու պատգամներուն եւ ՀՕՄի ծառայութիւններուն: “Մի մոռնաք մեր հոգեւոր կեանքը. եթէ Մեծ Պահոց ընթացքին մենք զմեզ զրկանքներու կ’ենթարկենք, անոնց փոխարէն ուրիշ բան մը շահելու համար է, եւ այդ մէկը կ’ըլլայ աղօթքով եւ բարեգործութեամբ”, յորդորեց Առաջնորդ Սրբազանը, եւ յիշեցնելով, որ այս տարի ցեղասպանութեան 100ամեակն է, նշեց, որ մեր ազգի զաւակներէն ցեղասպանութեան զոհ գացին աւելի քան 1.5 միլիոն, սակայն մենք յարութիւն առինք։ Իբրեւ վերստին ծնունդ առած ազգի զաւակներ, այսօր 100 ամեակը նշելու եւ ոգեկոչելու պատրաստութեան մէջ ենք, պէտք է ապացուցենք, ինչ որ կորսնցուցինք գտանք մեր ստեղծագործական կեանքի մէջ, մենք իրաւունքը շահեցանք մեր յաջողութիւններով պարծենալու եւ անոնց շնորհիւ հասնելու մեր բոլոր իրաւունքներուն, մեր բոլոր արդար պահանջներուն։
Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ նկատել տուաւ, որ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը այսօր Փետրուար 18-ն է, Փետրուարեան Ապստամբութեան Տօնը, երբ կը յիշենք համայնավար բռնատիրութեան դէմ հայութեան ծառացումը, իսկ այդ ոգին, զուգորդուելով Ցեղասպանութեան նահատակներու կտակին, մեզ կը մղէ միահամուռ, մեր ազգային ոգիով վերանորոգուած ոտքի կանգնելու: Այս գաղափարին շուրջ համախմբուած են հայութեան բոլոր կազմակերպ միաւորները, որոնց շարքին է ՀՕՄը: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, “”Անահիտ” մասնաճիւղի կազմակերպած այս ձեռնարկին առիթով, կ’ուզեմ անգամ մը եւս ողջունել ՀՕՄի նուիրեալ ծառայողները, Կեդր. եւ Շրջ. մակարդակի ներկայացուցիչները եւ կը մաղթեմ ու կը յուսամ, որ ձեր ժրաջան եւ նուիրեալ ծառայութեամբ նոր սերունդներուն օրինակ հանդիսանալով, մեր աւանդութիւններն ու սրբութիւնները վառ պահելով կը շարունակենք երթալ դէպի մեր լուսաւոր եւ պայծառ ապագան”։