Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ Նախագահեց Արեւագալի Վերջին Արարողութեան


Ս. Յարութեան տօնը կանխող Մեծ Պահքի շրջանը կը մօտենայ իր աւարտին: Չորեքշաբթի, 5 Ապրիլ 2017-ի առաւօտուն, մեր թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի հոգեպարար արարողութիւններու շարքին վերջինը:

Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Արեւագալի արարողութեան, կողքին ունենալով Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեանը, Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեանը եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանը։ Հաւատացեալներու կողքին, արարողութեան ներկայ եղան նաեւ Ազգ. Ֆերահեան Վարժարանի աշակերտները: Նշենք, որ Մեծ Պահքի շրջանին, Առաջնորդ Սրբազանը յաջորդական շաբաթներուն այցելեց մեր Թեմի եկեղեցիները եւ նախագահեց Արեւագալի եւ Հսկումի ժամերգութեանց:

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս կանգ առաւ Մեծ Պահքի խորհուրդին ու անկէ բխող թելադրանքներուն վրայ: Ան յիշեցուց, որ Մեծ Պահքի առաջին Արեւագալին ալ, ինք եղած էր այս եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն ու վարժարանի աշակերտներուն հետ, խորհրդածութիւն կատարած՝ քառասնօրեայ այս շրջանին խորհուրդներուն մասին: Հիմա, երբ Պահքի շրջանը կը մօտենայ աւարտին, դարձեալ առիթ կը ներկայանայ ինքնաքննութեան, տեսնելու՝ թէ արդեօք պահեցողութեան, եկեղեցւոյ կեանքին մօտենալու, ինքնասրբագրումի եւ բացասական կացութիւններէ հեռու կանգնելու պատգամները իրագործա՞ծ ենք:

Մասնաւորաբար աշակերտներուն ուղղելով իր խօսքը՝ Առաջնորդ Սրբազանը զանոնք յորդորեց զգուշաւորութեամբ եւ հոգեկան պատրաստութեամբ ապրելու Աւագ շաբաթը, մանաւանդ որոշ չափով հեռու մնալով արդի արհեստագիտութեան բարիքներուն գերի դառնալէ, աղօթքի, ինքնաքննարկումի եւ ինքնասրբագրումի դիմելու: Ան նմանօրինակ յորդորներ ուղղեց նաեւ հաւատացեալներուն, որպէսզի հոգեպէս պատրաստ ըլլան դիմաւորելու քրիստոնեայ աշխարհի մեծագոյն տօնը՝ Ս. Յարութիւնը, որ մեզ կը վերանորոգէ մահուան վրայ Յիսուսի յաղթանակով ու յաւիտենական կեանքի խոստումով: Ան նաեւ թելադրեց, որ մեր ժողովուրդին մէջ լիարժէքօրէն վերականգնին ընտանեկան աւանդութիւնները, ինչպէս՝ ծնողք-զաւակ փոխադարձ սէրն ու յարգանքը, իսկ նկատի ունենալով, որ ի մօտոյ պիտի յիշատակենք նաեւ Ցեղասպանութեան 102-ամեակը, Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ այդ օրը պէտք չէ նկատել սոսկական արձակուրդի ու զբօսնելու օր, այլ պէտք է մասնակից ըլլալ Ս. Նահատակներուն յիշատակի արարողութեանց ու պահանջատիրական ձեռնարկներուն:

Արարողութենէն ետք, «Տիգրանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի աւանդական ճաշկերոյթը, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին եւ հովանաւորութեամբ՝ Տէր եւ Տիկին Տիգրան եւ Հուրի Պէրպէրեանի եւ Տէր եւ Տիկին Յակոբ եւ Զապէլ Նալպանտեանի։

Սեղաններու օրհնութենէն ետք, Տիկնանց Միութեան անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետուհին՝ Տիկին Նէնսի Պետիրեան, որ Մեծ Պահքի խորհուրդին մեկնակէտով եւ Վերանորոգումի Տարուան պատգամով՝ վերանորոգեց եկեղեցւոյ ու ազգի ծառայութեան ուխտը, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով ձեռնարկի հովանաւորներուն:

Վեհափառ Հայրապետին կողմէ 2017ը Վերանորոգումի Տարի հռչակման առիթով, իբրեւ դասախօս հրաւիրուած էր Տիար Յովիկ Մահսէրէճեան, որ կանգ առաւ Ս. Յարութեան տօնը կանխող Մեծ Պահքի թելադրութեանց վրայ, նշելով, որ այս ժամանակաշրջանը ֆիզիքական ու հոգեկան վերանորոգումի առիթ է. ան կարեւորութեամբ կանգ առաւ Վեհափառ Հայրապետի պատգամին վրայ, ըսելով, որ Ն. Ս. Օծութեան թելադրանքներուն հետեւողութեամբ, պէտք է վերանորոգենք մեր անձնական ու հաւաքական կեանքերը, քայլ պահելով արդի աշխարհին հետ:

Պաշտօնական յայտագիրին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը: Ան առաջին հերթին գնահատեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը, Հոգաբարձութիւնը, Տիկնանց Միութիւնը, նուիրատուներն ու օրուան բանախօսը։ Այնուհետեւ, վեռ առնելով վերանորոգումի պատգամը, Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց, որ վերանորոգումէ առաջ հարկաւոր է պահպանումը՝ եկեղեցական եւ ազգային արժէքներու պահպանումը մեր կեանքին մէջ։ «Նոր սերունդի կեանքին մէջ ազգային, եկեղեցական սրբութիւններն ու աւանդութիւնները եւ բարոյական սկզբունքներն ու համոզումները եթէ կարենանք պահպանել, այդ պարագային վերանորոգման ուղիին մէջ կ’ըլլանք», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը, որ յորդորեց ներկաները, որպէսզի մեր հայրերուն աւանդած հաւատքի եւ սրբութեան կեանքն ու բարոյական սկզբունքները նախ մենք ընդունինք եւ ապա փոխանցենք մեր զաւակներուն, եւ այնուհետեւ միայն պահպանենք ու վերանորոգենք։

Ճաշկերոյթը ընթացաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ. երգիչ Անդրանիկ Մաթոսեան ներկայացուց ազգային եւ ժողովրդական երգերու փունջ մը:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022