ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԵՐՈՍ ՄԻՍԱՔ ԹՈՐԼԱՔԵԱՆԻ ԵՒ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՀԱՒԱՔ

Կիրակի, 18 Նոյեմբեր 2012-ին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ եւ յուշահանդէս՝ ազգային հերոս Միսաք Թորլաքեանի մահուան 44-րդ տարելիցին առիթով, հովանաւորութեամբ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի, կազմակերպութեամբ Մոնթեպելլոյի Հ.Յ.Դ. »Դրօ« Կոմիտէին, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։

Առաւօտեան ժամը 10-ին, Առաջնորդ Սրբազանը, Ս. Խաչ Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Աշոտ Քհն. Գամպուրեան, կուսակցական ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ ազգայիններ հաւաքուեցան ազգային հերոսի շիրիմին շուրջ, Մոնթեպելլոյի Evergreen Memorial Park գերեզմանատան մէջ, եւ հոգեհանգստեան աղօթք մատուցեցին անոր հոգւոյն համար։ Ապա, ներկաները ուղղուեցան Սուրբ Խաչ Մայր Տաճար, ուր նախատեսուած էր հոգեհանգիստն ու յուշահանդէսը։

Պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց օրուան խորհուրդը ներկայացնող պատգամը, բնաբան ունենալով Ղուկասու Աւետարանի Գլուխ 9։ 46-48 համարները, ուր կը նշուի, թէ երբ Յիսուսի աշակերտները կը վիճաբանէին թէ իրենցմէ ո՞վ է մեծը՝ Յիսուս մանուկ մը իր մօտ կանգնեցնելով կþըսէ. »Ով որ ձեր բոլորին մէջ ամէնէն փոքրիկն է, ան է մեծը«։ Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ այս պատգամին վրայ ու նշեց, որ անիկա խոնարհութեան, պարզութեան եւ անկեղծութեան հրաւէր է բոլորիս, բոլոր քրիստոնեայ հաւատացեալներուն, որպէսզի մանուկի մը բարեմտութեամբ շարունակենք մեր կեանքը, մեր ծառայութիւնները։ Ան վեր առաւ կարօտեալին ու տկարին աջակցելու մասին մեր Տիրոջ պատգամները եւ յիշեցնելով, որ կը գտնուին Գոհաբանութեան տօնի նախօրեակին, կոչ ուղղեց անսալու խոնարհութեան ու ծառայասիրութեան պատգամներուն։

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ՈԳԵԿՈՉԱԿԱՆ ԽՕՍՔԸ

Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը արտասանեց Միսաք Թորլաքեանի կեանքն ու գործը վեր առնող ոգեկոչական խօսք մը։

Առաջին հերթին, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ հայութեան բոլոր ժամանակներու պատմութիւնը կերտուած է հերոսներու սխրանքով, »հերոսներ՝ որոնք ապրած են մեր ժողովուրդի տառապանքը, զայն դարձուցած են իրենց էութեան մէկ մասնիկը, ապա նաեւ պայքարի դաշտ նետուած են այդ տառապանքը թեթեւցնելու, անոր հետեւանքները դարմանելու նախանձախնդրութեամբ։

»Ունեցած ենք հերոսներ, որոնք գործած են անաղմուկ ու աննշմար, սակայն անոնց գործը չէ մնացած աննշմար ու պատմութեան չէ անցած առանց մնայուն հետք ձգելու, այլ վերածուած է խորհրդանիշի, վերածուած է անժամանցելի պատգամի«։

Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, թէ »այս մտածումները կը յաճախեն մեզ, երբ սա պահուն մեր գլուխները կը խոնարհեցնենք ազգային հերոս ու արդարահատոյց մարտիկ Միսաք Թորլաքեանի յիշատակին, այսօր՝ երբ ան մարմնապէս պատմութեան անցած է աւելի քան չորս տասնամեակ առաջ, եւ սակայն անոր գործն ու անկէ բխող պատգամները կը մնան ու պիտի մնան ծածանող դրօշ։

»Միսաք Թորլաքեան մէկ անդամն էր ընտրեալներու այն սերունդին, որ թէեւ կրեց Ցեղասպանութեան արհաւիրքն ու թուրքի ոճիրներուն բազմապիսի հետեւանքները, սակայն իր արարքներով, իր գործո՛վ յայտարարեց Սասունցի Դաւիթին պէս, որ հայը չէ մեռած, հայը կþապրի ու, տակաւին, գիտէ արդար հատուցում պահանջել իրեն հանդէպ անարդարութեան դիմաց, գիտէ արդարութիւն պարտադրել, աշխարհին յիշեցնել հայուն իրաւունքը, պատգամ ուղղել աշխարհի մէջ Արդարութեան ջատագովներուն, որ յարգեն իրենց պարտաւորութիւնները։

»Այս իմաստով, Ազրպէյճանի նախկին նախարարներէն Պահպուտ Խան Ճիւանշիրի դէմ գործադրուած արդար վճիռը մէկ արտայայտութիւնն էր ողջ հայութեան արդարատենջութեան, նման այն պատժական արարքներուն, որոնք գործադրուեցան Սողոմոն Թեհլիրեանի, Արամ Երկանեանի, Արշաւիր Շիրակեանի ու երիտասարդ հայ բազուկներու կողմէ, արդարատենջութեան միեւնո՛յն որոշումով, նեմեսիսեան նո՛յն ներշնչումով։

»Ճիշդ է. Միսաք Թորլաքեանի անունը առաւելաբար կապուած է Ճիւանշիրի պատժական արարքին, ինչպէս որ միւս արդարահատոյցներուն անունները՝ դահիճներու պատուհասման գործողութեանց հետ։ Սակայն յիշենք. հայութեան պայքարին ու պահանջատիրութեան Թորլաքեանի եւ գաղափարակիցներուն ծառայութիւնը չէ սահմանափակուած միայն այս ծիրին մէջ, որովհետեւ ան կանուխ երիտասարդութեան օրերուն, իբրեւ զինուոր միացած է հայութեան ու հայրենիքի պաշտպանութեան մարտերուն։ Ան եղած է զէնքի փոխադրութեան ու մատակարարման մարտիկ, մասնակից եղած է հայութեան ճակատագրական գոյամարտերուն՝ 1918ին, Բաշ Ապարանի ճակատամարտին, իսկ այդ սխրագործութիւններէն ետք, հայուն պարտադիր սփիւռքացումէն ետք, մնացած է խոնարհ բայց ազդու ձայնով մէկ զինուորագրեալը մեր ժողովուրդին, մէկ հաւատարիմ անդամը իր կուսակցութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։ Ան իր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն պահած է լուռ գործողի իր գիծը, անկրկնելի սխրագործութիւնները չէ վերածած անձնական դրօշի, այլ պարծանքով ծառայած է իր կազմակերպութեան, իր ժողովուրդին, բոլորի՛ս հայրենիքին ու Դատին։

»Յարգանք Թորլաքեաններու յիշատակին։

»Կեցցէ Թորլաքեաններու ծնունդ տուած Հայ ժողովուրդը։

»Անմահ մնան արդարահատոյցներու ժառանգութիւններն ու անժամանցելի պատգամները։

»Թող Աստուած իր երկնային խաղաղութեան մէջ հանգիստ շնորհէ արդարութեան զինուորին։

»Հանգիստ իր յոգնաբեկ աճիւններուն«։

ՀՈԳԵՃԱՇ-ՀԱՒԱՔ

Ս. Պատարագի աւարտին, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որ հանգուցեալ հերոսի հոգին խաղաղութեան մէջ ննջէ եւ արժանի դառնայ յաւիտենական կեանքի։

Արարողութեան աւարտին, ներկայ հաւատացեալները հրաւիրուեցան եկեղեցւոյ »Թումանճեան« սրահը, ուր Հ.Յ.Դ. »Դրօ« կոմիտէն կազմակերպած էր հոգեճաշ եւ ոգեկոչական հաւաք։

Կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Արա Մալազեան վարեց յուշահանդէսը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեանբ Տէր Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեանի, կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը։ Ապա, Ա. Մալազեան ներկայացուց Միսաք Թորլաքեանի կեանքի ոդիսականը եւ հայ ազգի մեծագոյն ջարդարարներէն մէկուն արդար պատիժի արարքը, նշելով, որ այդ օրերու պայմաններուն մէջ, ինչպիսի դժուարին գործ էր ջարդարար հետապնդելն ու պատժական արարքը իրագործելը։

Արդարահատոյց հերոսին արարքին ու ընդհանրապէս ազգային ծառայութիւններւոն գնահատականը կատարեց Տիար Վաչէ Վաչէ Բրուտեան, որ վեր առաւ անոր նկարագրի յատկանիշները եւ ստանձնած պարտականութիւնը կատարելապէս գործադրելու յանձնառութիւնը։ Առիթ տրուեցաւ նաեւ ներկաներուն՝ արտայայտնուելու Միսաք Թորլաքեանի կապուած յիշատակելի դրուագներու մասին։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022