Հոգեգալստեան տօնին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 25 Մայիս 2015ին, հանդիսապետեց Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին, որուն աւարտին, նախագահեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երիցագոյն միաբաններէն հոգելոյս Տ. Կորիւն Արք. Պապեանի հոգեհանգստեան արարողութեան: Ծանօթ է, որ Հինգշաբթի, 21 Մայիսին, Կաթողիկոսութիւնը գուժած էր Կորիւն Սրբազանին վախճանումը. նոյն օրը, երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի “Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան” սրահին մէջ, Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի գիրքերուն ողջունահանդէսին սկզբնաւորութեան, Առաջնորդ Սրբազանն ու Թեմիս հոգեւորականաց դասու անդամներ աղօթքով խոնարհած էին վախճանեալ Սրբազանին յիշատակին առջեւ: Նշենք նաեւ, որ Առաջնորդ Սրբազանին տնօրինումով, Կիրակի օր, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յատուկ աղօթք բարձրացուեցաւ երկրաւոր կեանքէն առյաւէտ բաժնուած հոգելոյս Սրբազանին յիշատակին:
Ս. Պատարագի ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը օրուան իր պատգամը ուղղեց, վեր առնելով Հոգեգալստեան տօնին իմաստն ու խորհուրդը: Ան նշեց, որ Քրիստոսի համբարձումէն 10 օր ետք, առաքեալներ եւ հետեւորդներ, թիւով 120 հոգի, աղօթքով հաւաքուած էին Վերնատան մէջ. Աստուած անոնց շնորհեց Ս. Հոգին, որ կրակէ լեզուներու ձեւով իջաւ անոնց վրայ: Աշակերտները պարզ մարդիկ էին. անոնք պիտի չկարենային Տիրոջ խօսքը տարածել մարդոց մէջ, որոնք տարբեր լեզուներ կը խօսէին: Ս. Հոգիին շնորհքներով զօրացած, առաքեալները այնուհետեւ ստացան յատուկ կարողութիւններ եւ կրցան տարբեր լեզուներով Աստուծոյ պատգամաբերները ըլլալ տարբեր ժողովուրդներու համար:
Աստուծոյ շնորհքները սահմանափակուած չէին միայն Վերնատան մէջ խմբուած աշակերտներուն, շարունակեց Առաջնորդ Սրբազանը: Աստուած իր շնորհքներն ու պարգեւները առատօրէն կը բաշխէ բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան Քրիստոսի եւ պատրաստ են հետեւելու անոր ուղիին: Ան ողջունեց եկեղեցւոյ Ս. Գրային Սերտողութեան խմբակի անդամները, որոնք ներկայ էին Ս. Պատարագին, նշելով, որ անոնք կը հարստանան Աստուծոյ խօսքով եւ կը դառնան տարածիչները Տիրոջ պատգամներուն, եւ իրենց օրինակով ուրիշներն ալ կ’առաջնորդեն Աստուծոյ: “Հոգեգալստեան տօնը մեզի հրաւէր է, որպէսզի մասնակից ըլլանք մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան: Այս օրը յատուկ առիթ է բոլորիս, որպէսզի վերանորոգենք մեր յանձնառութիւնը՝ իբրեւ մեր եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին հաւատարիմ զաւակները, մանաւանդ, որ այս տարի կը յիշատակենք Ցեղասպանութեան 100րդ տարեդարձը, հետեւաբար, անհրաժեշտ է որ մեր ճիգերը միացնենք սիրով, խաղաղութեամբ եւ ներդաշնակութեամբ, որպէսզի յառաջ մղենք մեր պահանջատիրութիւնը՝ վերատիրանալու մեր արդար իրաւունքներուն”, եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը:
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ Հոգեհանգստեան պաշտօնի պահուն, յատուկ աղօթք բարձրացուեցաւ Կորիւն Սրբազանին հոգւոյն համար: Ներկայ էին վախճանեալ Սրբազանին ընտանեկան պարագաներն ու հարազատներ: Նախ քան հոգեհանգիստը, Առաջորդ Սրբազանը վեր առաւ Կորիւն Սրբազանին դաստիարակի, մտաւորականի եւ Ս. Աթոռոյս հաւատարիմ ծառայողի արժանիքները, ապա, նշեց, որ Վեհափառ Հայրապետին պատգամը, որ ընթերցուած էր Շաբաթ, 23 Մայիսին, Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ, Կորիւն Սրբազանին վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան արարողութեան պահուն, լաւագոյն ձեւով կը բնորոշէ հոգելոյս Սրբազանին վաստակը: Ծանօթ է, որ նոյն օրերուն, Վեհափառ Հայրապետը կը գտնուէր Արեւելեան Թեմ, հովուապետական այցելութեան առիթով:
Իր պատգամին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը կը նշէր, որ վախճանեալ Սրբազանը եղած է Աստուծոյ, մեր եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին նուիրեալ ծառան, գործած է իր առաքելութեան լիարժէքօրէն գիտակից հոգեւորականի նուիրումով: Ան նաեւ մինչեւ իր կեանքին վերջին օրերը մնաց մտաւորական, գիրքն ու գիրը իր կեանքէն անբաժան մնացին, մինչեւ իսկ հիւանդութեան վերջին ամիսներուն, ան եղաւ ոչ միայն գիր ու գիրք սիրող, այլ նաեւ ներդրում ունեցաւ մեր գեղարուեստական գրականութեան ու բանասիրական ուսումնասիրութեանց անդաստաններուն մէջ: Ան նաեւ եղաւ ու մնաց հաճելի անձ մը՝ իր բարեկամներուն ու բոլոր ծանօթներուն շրջանակին, իր ստանձնած բոլոր պաշտօններուն մէջ, ուրախ թէ տխուր պայմաններու մէջ, պահնեց իր զուարթախոհութիւնը. հաճելի էր զինք լսել հրապարակային ներկայացումներու ընթացքին, երբ կ’արտայայտուէր գրական պատկերներով ու գեղեցիկ դարձուածքներով: Վերջապէս, ան եղաւ ու մնաց հաւատարիմ միաբան մը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, մեր Ս. Աթոռին ծառայեց երջանկայիշատակ Տ. Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի օրերէն սկսեալ, ապրեցաւ մեր Ս. Աթոռին ուրախ եւ տագնապալի հանգրուանները, միշտ մնալով հնազանդ Վեհափառ Հայրապետներուն եւ հաւատարիմ՝ Կաթողիկոսութեան:
Ս. ԳՐՈՑ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿԸ Ս. Պատարագէն եւ հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը եղաւ հիւրը եկեղեցւոյ Ս. Գրոց Սերտողութեան խմբակին, որ իր աւանդական հանդիսութիւնը կազմակերպած էր Հոգեգալստեան տօնին առիթով:
Առաջնորդ Սրբազանին հովանաւորութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ “Թումանեան” սրահին մէջ: Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանք արձանագրեց խմբակին հանդիպումները առաջնորդող Գրիգոր Եղբ. Մսըրլեանի եւ անդամներուն նուիրումին մասին, մաղթելով, որ այս տօնը առիթ ըլլայ եկեղեցւոյ ու համայնքի զաւակներուն, որպէսզի վերանորոգեն միացեալ ճիգերով եւ նուիրումով գործելու յանձնառութիւնը, զգան իբրեւ անդամները մէկ ընտանիքի, եւ իրենց առաքելութիւնը յառաջ տանին Ս. Հոգիի ներշնչումով ու անոր շնորհքներով զօրացած, ի խնդիր մեր եկեղեցւոյ պայծառացման: