Շաբաթ, 7 Դեկտեմբեր, 2013-ի երեկոյեան, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Սրբ. Արք. Մարտիրոսեան ժամանեց Սան Ֆրանսիսքօ, հանդիսապետելու եւ իր օրհնաբեր մասնակցութիւնը բերելու գաղութի կեանքէն ներս տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն, գլխաւորաբար Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 47 ամեակի տօնախմբութեան։
Շաբաթ երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազանը մասնակցեցաւ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնի առիթով եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան կազմակերպած ընթրիքին, հիւրընկալութեամբ Ազգ. Վարչութեան անդամներէն եւ եկեղեցւոյ նուիրեալ ծառայողներէն Տէր եւ Տիկին Սագօ եւ Նորա Շիրիքեան ամոլին։
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Տիկնանց Միութեան ատենապետուհին՝ Տիկին Անօ Չագալեան, որ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը կատարելու սեղաններու օրհնութիւնը։
Ողջունելով Առաջնորդ Սրբազանին, ժողովականութեան եւ ծխականներու ներկայութիւնը, Տիկին Նորա Շիրիքեան նշեց, որ կը գտնուինք նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու սեմին, հետեւաբար, բարեմաղթութիւններ կատարեց բոլորին։ Ան նաեւ արտասանեց Մեսրոպ Տէր Մեսրոպեանի մէկ բանաստեղծութիւնը, որ զրոյց մըն է նոր եւ հին տարիներուն միջեւ եւ ուր հին տարին կը խնդրէ նորէն, որ հետեւեալ պատգամը փոխանցէ մարդոց. կեանքը ապրիլ այնպէս մը որ վաղը զղջում չապրինք այն բաներուն համար, զորս կրնայինք ընել եւ սակայն զանազան պատճառներով չեն ըրած կամ թերացած ենք ընելու։
Առաջնորդ Սրբազանը իր կարգին ողջունեց Տիկնանց Միութիւնը եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ ներկայ կը գտնուի նոր տարուան ու Ս. Ծննդեան տօնին առիթով կազմակերպուած այս ձեռնարկին։ Ան դրուատիքով արտայայտուեցաւ այս ձեռնարկին կազմակերպման համար եւ յիշեցնելէ ետք, որ աւարտող տարին, իր լաւ հետքերուն կողքին, թողուց նաեւ ցաւ ու վիշտ պատճառող յիշատակներ՝ բանաստեղծին բառերով մաղթեց, որ նոր տարին վերջ տայ հայու ցաւերուն, չարը կորչի ու բարին բոյն դնէ մեր սիրտերուն մէջ։ Ան նաեւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ ծխական համայնքին ծառայողներուն ժողովրդանուէր ու եկեղեցաշէն աշխատանքներուն մասին եւ մաղթեց, որ այս երթը շարունակուի դէպի նոր նուաճումներ։
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Յաջորդ օրը՝ Կիրակի, 8 Դեկտեմբերի առաւօտուն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ, զոր մատուցեց Առաջնորդ Սրբազանը։
Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագը սկսաւ Առաջնորդ Սրբազանին թափօրով եկեղեցի մուտքով ու «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ։ Ծխական համայնքը ժողովականութեան ներկայացուցիչներն ու հաւատացեալները խուռներամ մասնակից եղան արարողութեան։
Նախ քան Պատարագիչ Սրբազան Հօր պատգամը, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Խորէն Աւ. Քհնյ. Հապէշեան, հոգաբարձութեան, ծխական համայնքի անունով եւ անձնապէս ողջունեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ անոր ներկայութիւնը՝ եկեղեցւոյ սուրբ յարկին տակ, նշելով, որ շրջանի ժողովուրդը այսօր կը տօնէ եկեղեցւոյ 47րդ տարեդարձը։
Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը սկսաւ ողջոյնի խօսք ուղղելով ներկայ հաւատացեալներուն, գոհութիւն եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս ներկայ է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, աղօթակցելու ծխական համայնքի հաւատացեալ հայորդիներուն հետ: Ան ողջունեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը, Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի, հոգաբարձութեան անդամները, Տիկնանց Միութիւնը, դպրաց դասը, Ազգ. Գռուզեան-Զաքարեան- Վասպուրական վարժարանի եւ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները, որոնք ներկայ էին արարողութեան, նաեւ բոլոր անոնք, որոնք սիրայօժար ու նուիրուածութեամբ կը ծառայեն այս եկեղեցւոյ, եւ կոչ ուղղեց ծխականներուն, որ իրենց ձեռքերը միացնեն կամաւորներու այս բանակին, ի խնդիր եկեղեցւոյ պայծառութեան։ Ան շեշտեց, որ եկեղեցւոյ մօտաւորապէս 50 տարիներու ծառայական կեանքին նշումը միայն առիթ չէ գնահատանք ու երախտագիտութիւն արձանագրելու հիմնադիր սերունդին ու անոնց գործը շարունակողներուն, այլ նաեւ ուխտելու, որ երթը պիտի շարունակուի՝ անցեալի իրագործումներուն վրայ նոր նուաճումներ աւելցնելու կամքով։
Շարունակելով իր խօսքը, Առաջնորդ Սրբազանը հաւատացեալները հրաւիրեց անդրադառնալու, որ կը գտնուինք տօնական օրերու նախօրեակին, անհրաժեշտ է խորհրդածութեամբ կանգ առնել այն հրաշալի պարգեւներուն առջեւ, որ մեզի շնորհուած է Աստուածորդւոյն աշխարհ առաքումով. այդ պարգեւներն են խաղաղութիւնը, սէրը, յոյսն ու բարի կամեցողութիւնը։ Փրկչին Ս. Ծնունդը մարդկութիւնը կը տոգորէ յոյսով, ներշնչում եւ իմաստ կու տայ մեր կեանքին, մեզ կ՚առաջնորդէ դէպի բարին, դէպի սէր ու արդարութիւն։ Իբրեւ հաւատացեալ քրիստոնեաներ՝ պէտք է ամէն օր երախտագիտութիւն արտայայտենք Ամենակալին, իր օրհնութիւններուն ու մշտառատ պարգեւներուն համար։ Ս. Ծննդեան տօնն ու զայն կանխող Գոհաբանութեան տօնը առիթներ են անդրադառնալու, որ պէտք է բարեգործութիւն կատարենք, սէր ու օրհնութիւն բաժնեկցինք կարօտեալներու հետ։ Ան յիշեցուց, որ ինչպէս անցեալ տարիներուն, այս տարի եւս, հայ ժողովուրդը Գոհաբանութեան տօնը նշեց «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի թելեթոնով ու կատարեց հայրէնանուէր գործ, օգնութեան ձեռք երկարելով Հայաստանի, Արցախի եւ Սուրիոյ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն. պէտք չէ մոռնալ, որ կարօտեալներուն պէտք է օգնել տարուան բոլոր օրերուն։ Մէջբերելով օրուան աւետարանական ընթերցման՝ Ղուկասու 14րդ գլուխի 12-24 համարները եւ Խնճոյքի առակը մեկնաբանելով ու անոր պատգամը վեր առնելով, Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ պէտք է նուիրաբերել բարի միտքով, առանց վարձք կամ պատիւ ակնկալելու։ Ան օրհնեց նուիրաբերումը բոլոր բարերարներուն, որոնց շարքին՝ եկեղեցւոյ ազնիւ բարերարներէն՝ նորոգ հանգուցեալ Վարդգէս Անիւեանի, որ վերջերս իր աչքերը առյաւէտ փակեց մայր հայրենիք այցելութեան ընթացքին։ Ան ցաւակցութիւն յայտնեց հանգուցեալի այրիին՝ Տիկին Ալիսի եւ ընտանիքի անդամներուն։
Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ իւրաքանչիւր հայու վսեմ պարտաւորութիւններուն, ընդգծլով, որ պէտք է գործել՝ Աստուծոյ ծառայելու, մեր ազգին, եկեղեցւոյ ու համայնքին ծառայելու պատրաստակամութեամբ, ու եթէ դարեր շարունակ պիտի պահենք մեր հաւատքն ու լեզուն, ազգային արժէքներն ու մշակոյթը, անհրաժեշտ է որ եղբայրաբար գործակցինք սիրով ու միասնականութեամբ, հասնելու համար այս նպատակին։ Անհրաժեշտ է որ սկսինք՝ հոգ տանելով մեր նորահաս սերունդին՝ մանուկին, պատանիին ու երիտասարդին, անոնց մէջ սերմանելով մեր ազգային ժառանգութիւնը, որպէսզի անոնք տոգորուին հայկականութեամբ, պատրաստ ըլլան ստանձնելու առաջնորդողի դեր, անշեղօրէն շարունակելու մեր հայրերէն ու պապերէն մեզի ժառանգ ձգուած երթը։
Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս շնորհաւորեց ծխական համայնքի զաւակները, եկեղեցւոյ տարեդարձին առիթով, եւ կոչ ուղղեց բոլորուելու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, Ազգ. Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանին ու ազգային կառոյցներուն շուրջ, վերանորոգ տեսլականով ու խնդավառութեամբ, հաւատքով ու նուիրումով, բայց մանաւանդ խոնարհութեամբ եւ անկեղծութեամբ գործելու՝ առանց փառքի ակնկալութեան։
Նկատի ունենալով, որ հայութիւնը օր մը առաջ նշած էր Հայաստանի աղէտալի երկրաշարժին տարեդարձը, յատուկ աղօթք բարձրացուեցաւ անմեղ զոհերուն հոգիներուն համար։ Նոյն օրը, Առաջնորդ Սրբազանին տնօրինումով, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ եւս աղօթք բարձրացուեցաւ երկրաշարժի զոհերուն յիշատակին։
Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, ապա, «Կիլիկիա» մաղթերգով վերջ գտան եկեղեցական արարողութիւնները:
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
Ս. Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ կից՝ «Վասպուրական» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան: Գեղարուեստական կարճ յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Գ.Զ.Վ. վարժարանի աշակերտուհիներէն՝ Դալար Արզումանեան եւ Նայիրի Այանեան, արտասանելով Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական»ը։ Հհոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Ռոստոմ Այնթապլեան բարի գալուստի խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, մաղթելով անոր քաջառողջութիւն, բեղուն գործունէութիւն եւ յարատեւ կորով: Տիար Այնթապլեան, խօսքը ուղելով ներկաներուն, շնորհաւորեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 47-ամեայ տարեդարձը, խոստանալով 2016 թուին, փառաշուք կերպով տօնախմբել եկեղեցւոյ 50-ամեակը: Ապա, հոգեւոր հովիւը խօսք առնելով իր կարգին շնորհաւորեց ու բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ու հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, որպէսզի իր պատգամը փոխանցէ:
Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս շնորհաւորեց համայնքը՝ պատմական օրուան առիթով եւ գնահատեց գաղութի նուիրեալներուն զոհողութեան ոգին, ապա վեր առնելով Յիսուսի պատգամներէն մին, ըսաւ. «Ունեցողին պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի նոյնիսկ այն՝ ինչ որ կը կարծէ թէ ունի…» (Ղուկաս 8.18): Ապա մեկնաբանելով Աւետարանական խօսքը եզրակացուց.- «Սիրելիներ, եթէ ձեր թափած ճիգը բաւարար չէ ներկայ պայմաններու մէջ յաջողութիւն արձանագրելու, հայապահպանման ու ազգապահպանման մարզերուն մէջ, կը նշանակէ թէ աւելին պէտք է ընէք, որպէսզի մեր համայնքային ու հաւաքական կեանքին մէջ չկորսնցնենք, կամ, Քրիստոսի խօսքին համաձայն, չառնուի մեզմէ այն ինչ որ կը կարծենք թէ ունինք»: Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս բարձր գնահատեց հովիւն ու հոգաբարձութիւնը իրենց գործունէութեան համար, եւ մանաւանդ ընդգծեց կարեւորութիւնը նման սիրոյ սեղաններու շուրջ համայնքային հաւաքոյթները՝ բացատրելով «Ակաբէ» բառին յունական ծագումն ու անոր նպատակը:
Հաւաքոյթը փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչով», որմէ ետք հոգեւոր հովիւն ու հոգաբարձութիւնը ժողով մը ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազանին նախագահութեամբ, քննարկելու համար գաղութին հարցերը։