Բացում՝ Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան Վարժարանի «Անիթա Թորոսեան» Գրադարան-Կեդրոնի

Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի ընտանիքը Հինգշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, վարժարանի յարկին տակ ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւն մը, նախկին ուսուցիչներէն՝ հանգուցեալ Անիթա Թորոսեանի յիշատակին նուիրուած գրադարան-ուսումնական կեդրոնի բացման առիթով։

Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի նախագահութեամբ. Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան։

Հանդիսավարը՝ Տիար Րաֆֆի Համբարեան արտասանեց ողջոյնի խօսք, ապա յաջորդաբար հրաւիրեց վարժարանի Ուսումնական Մարմինի ներկայացուցիչ ու յատուկ յանձնախումբի ատենապետ Տիար Արթին Ղազարեանը, տնօրէնուհի Դոկտ. Թալին Քարկոտորեանը եւ Ուսումնականի ատենապետ Տիար Արմէն Աբրահամեանը, որոնք արտասանեցին սրտի խօսքեր։ Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը, վարժարանի տնօրէնութեան եւ Ուսումնական Մարմինի անդամներուն հետ միասին, յուշանուէրներ յանձնեցին Տիար Ղազարեանի եւ հանգուցեալ ուսուցչուհիին ամուսնոյն՝ Հենրիկ Յակոբեանի, որ յանձն առած էր այս կեդրոնին բարերարութիւնը։

Առաջնորդ Սրբազանը յայտարարեց, որ աւելի քան երկու տարի անցած է այն օրէն, երբ Անիթա Թորոսեան ֆիզիքապէս բաժնուեցաւ բոլորէս, սակայն անոր հոգին մեզի հետ է ու կենդանի կը մնայ, զինք կը յիշենք իբրեւ սիրող եւ գուրգուրացող տիկին, մայր, դուստր, քոյր, բարեկամ եւ ներշնչող ուսուցչուհի։ Ան պիտի շարունակէ ապրիլ բոլոր անոնց հետ, որոնց կեանքին մէջ հետք մը թողած է. իսկ այս կեդրոնը, որ անոր ամուսնոյն՝ Հենրիկի կողմէ կը նուիրուի անոր յիշատակին, պիտի ըլլայ գործնական յուշարար մը։ Առաջնորդ Սրբազանը յիշեց մեր անմահ բանաստեղծներէն Պետրոս Դուրեանի այն բառերը, ուր կ’ըսէ՝ «երբ յիշատակս ալ թառամի, այն ատեն կը մեռնիմ», եւ ընդգծեց, որ այս կեդրոնը պերճախօս մարմնաւորումն է այդ մտածումին։ Անիթան իր կեանքի ընթացքին նուիրուեցաւ դաստիարակչական գործի, հարստացուց եւ լուսաւորեց մատղաշ սերունդներու միտքերը, եւ ահա, անոր մեկնումէն ետք ալ, այս արդիական կեդրոնին ճամբով իրերայաջորդ սերունդներ պիտի շարունակեն հարստանալ միտքով ու հոգիով։ Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց Տիար Հենրիկն ու դուստրերը եւ մաղթեց, որ այս կեդրոնէն արձակուող լոյսը մխիթարանք ըլլայ հարազատներուն։ Ան նաեւ գնահատանք արձանագրեց վարժարանի անձնակազմին՝ նոր սերունդի դաստիարակութեան անոր նուիրեալ ծառայութեան համար։

Տեղի ունեցաւ վերակառուցուած գրադարան-կեդրոնի բացման արարողութիւնը՝ ժապաւէնի հատումով եւ յուշատախտակի քողազերծումով։ Կատարուեցաւ հոգեհանգստեան աղօթք, ապա ներկաները վայելեցին պատշաճ հիւրասիրութիւն։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022