Չորեքշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2021, առաւօտեան ժամը 10-ին, Ազգ. Առաջնորդարան այցելեցին Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի աւարտական՝ 12-րդ կարգի աշակերտները, ընկերակցութեամբ դպրոցի տնօրէն Տէյվիտ Ղուկասեանի: Անոնք եկած էին հանդիպում-զրոյց մը ունենալու Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ:
Սրբազան Հայրը նախ ընդհանուր գիծերու մէջ խօսեցաւ ներկայ դարու հայ երիտասարդին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին, ապա շարունակեց ըսելով, որ Սփիւռքի մէջ ամբողջական հայ քրիստոնեայ ըլլալը գիտակից ընտրութիւն է, որ միաժամանակ կը պահանջէ հաւատարմութիւն՝ անցեալի աւանդին, տոկունութիւն՝ ներկայի մէջ եւ քաջութիւն՝ ապագային նկատմամբ:
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազանը պատասխանեց աշակերտներու հարցումներուն: