Անտիոքի Ուղղափառ պետ Գերշ. Տ. Իգնատիոս Դ. պատրիարքին տնօրինումով, համայնքին Լոս Անճելըսի Առաջնորդը՝ Գերշ. Տ. ժոզէֆ Եպիսկոպոս Արքութեան տիտղոսին արժանացաւ 11 Դեկտեմբեր 2011ին։ Կիրակի, 8 Յունուար 2012ին, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջի Ս. Նիքոլաս եկեղեցւոյ մէջ այս առիթով տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ եւ պատշաճ ընդունելութիւն։ Յանուն Թեմիս Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան ներկայ եղաւ Ս. Պատարագին ու անոր յաջորդած ճաշի ընդունելութեան, եւ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանին շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները։ Ժոզէֆ Արքեպիսկոպոսը, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին, որ ներկայացուցիչով մը մասնակից եղաւ արարողութեան ու ընդունելութեան։
Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]