Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտը Չորեքշաբթի, 27 Օգոստոս 2014ի իր նիստին, հետեւելով Նահանգային Խորհրդարանի 8 Մայիսի որոշումի օրինակին, վաւերացուց AJR-32 բանաձեւը, որ ճանաչում կու տայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին: Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտը նաեւ որոշեց այս բանաձեւը յղել Միացեալ Նահանգներու խորհրդարանին եւ հանրապետութեան նախագահին, որպէսզի իրենց կարգին նպաստեն Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման եւ ժողովրդավարութիւն հաստատելու անոր ջանքերուն։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ողջունեց այս պատմական որոշումը. “Այս պահուն, երբ հայութիւնը կը պատրաստուի նշելու Ցեղասպանութեան 100ամեակը, այս բանաձեւին որդեգրումը նոր քայլ մըն է Արցախի ու հայութեան իրաւունքներուն հաստատման ճամբուն վրայ եւ յենարան պիտի ըլլայ արդարութեան կենսագործման նոր քայլերու համար”, շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը, բարձր գնահատելով այս բանաձեւին որդեգրման ի խնդիր Հայ Դատի նուիրեալներուն ճիգերն ու Խորհրդարանի եւ Ծերակոյտի անդամներուն արդար մօտեցումը: “Մեր սպասումն է, որ Ուաշինկթըն հետեւի Քալիֆորնիոյ այս օրինակին”, եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը: