Առաջնորդ Սրբազանը Երածտագիրութիւն կը Յայտնէ Զուիցերիացի Ժողովուրդին Մարդասիրական Օգնութեանց Համար


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, իր շքախումբին հետ, այս օրերուն կը գտնուի Զուիցերիա, Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի առթիւ կազմակերպուած յատուկ հանդիսութեանց մասնակից դառնալու համար: 20-28 Սեպտեմբեր 2015ին, Վեհափառ Հայրապետը տարբեր քաղաքներու մէջ պիտի նախագահէ ցեղասպանութիւնը յիշատակող զանազան արարողութեանց եւ պիտի փոխանցէ իր Հայրապետական պատգամն ու երախտագիտութիւնը Զուիցերիոյ ժողովուրդին՝ ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր հայորդիներուն ու մանաւանդ որբերուն տածած իրենց անսակարկ ու անսահման մարդասիրական օգնութեանց համար:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շաբաթասկիզբին շնորհակալական նամակ մը յղեց Լոս Անճելըսի մէջ Զուիցերիոյ գլխաւոր հիւպատոս Տիար Ժան-Ֆրանսուա Լիքթընսթըրնի, որուն մէջ ան կը նշէր.-

«Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականաց դասուն, ժողովականութեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ, մեր անհուն երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Զուիցերիոյ կառավարութեան եւ ժողովուրդին, Ցեղասպանութեան ընթացքին եւ յաջորդող տարիներուն իրենց մատուցած մարդասիրական անխոնջ ջանքերուն համար: 1915ի Ցեղասպանութենէն մինչեւ 1988ի ահաւոր երկրաշարժը, Ձեր երկիրը միշտ թիկունք կանգնեցաւ Հայ ազգին, որուն համար յաւիտեանս շնորհակալ կը մնանք Ձեզի։

Ինչպէս գիտէք, ազգիս Հովուապետեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ներկայիս Զուիցերիա կը գտնուի, Հայ ժողովուրդին կողմէ անձամբ իր երախտագիտութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնելու Զուիցերիոյ կառավարութեան եւ ժողովուրդին, Ձեր բարեացակամութեան եւ մարդասիրական օգնութիւններուն համար:

Հայոց Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն սուրբ նահատակներուն յիշատակը նշելու առընթեր, այս տարի մենք նաեւ կը յիշենք ու պատիւ կ՚ընծայենք այն բոլոր երկիրներուն ու ժողովուրդներուն, որոնք օգնութեան ձեռք երկարեցին պատսպարեալ հայորդիներու ու մանաւանդ որբերուն:

Այս առթիւ, անգամ մը եւս շնորհակալութիւն Զուիցերիոյ Կառավարութեան, ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ընդունած ըլլալուն համար, այլ նաեւ՝ անոր մերժումը քրէականացնելուն համար: Յոյսով ենք, որ այլ երկիրներ եւս կը հետեւին ձեր քայլերուն եւ մենք կը հասնինք Հայոց Ցեղասպանութեան համաշխարհային ճանաչման:

Թող մեր Տիրոջ օրհնութիւնները Ձեր երկրին եւ ժողովուրդին վրայ ըլլան»:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022