Կիրակի, 25 Մարտ 2018-ը, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի՝ Ծաղկազարդի տօնն է։ Այս առիթով, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պիտի մատուցուի հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ մանուկներու թափօր։ Իսկ աւարտին, պիտի կատարուի Դռնբացէքի արարողութիւնը, որ կը խորհրդանշէ Յիսուսի երկրորդ գալուստը։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։ Ս. Պատարագը պիտի սկսի ժամը 11։00-ին:
Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։ Ս. Պատարագը պիտի սկսի ժամը 10:30-ին:
Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդն ու իրենց մանուկները մասնակից ըլլալու Ծաղկազարդի հոգեպարար արարողութիւններուն։