Ուրախ ենք յայտնելու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ Կիրակի, 10 Յունիս 2012ին, ձեռամμ Թեմիս μարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, μարեշնորհ Խաչիկ Սրկ. Շաննագեան քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում պիտի ստանայ։ Մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, այդ օրը տօնն է Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ս. Էջմիածինի։
Ձեռնադրութեան ու օծման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Ս. Պատարագի։ Շաμաթ, 9 Յունիսի երեկոյեան ժամը 6ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապէն ելլելուն յիշատակի օրը, տեղի պիտի ունենայ քահանայական կոչման արարողութիւնը՝ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։
Բարեշնորհ Սարկաւագը մեր եկեղեցւոյ ծառայական կեանքին մէջ եղած է մանկութենէն։ Զաւակն է μարեպաշտ ընտանիքի մը։ Ծնած է Այնճար, Լիμանան, 1982ին։ Մանկութեան, ընտանիքին հետ փոխադրուած է Քանատա, Թորոնթօ, ուր նախնական ուսումը ստացած է ՀՕՄի ամենօրեայ վարժարանին ու քանատական հանրային վարժարանի մը մէջ։ Երկրորդականի տարիներուն, ընտանիքին հետ եղած է Այնճար, ուր յաճախած է Հայ Աւետ. Վարժարանը։ Աւելի ուշ, վերադառնալով Քանատա, շարունակած է երկրորդական ուսումը. ստանալէ ետք Երկորդականի OAC Diploma-ն, յաճախած է Թորոնթոյի Համալսարանը, հետեւելով Neuroscience & Psychology ճիւղին. արժանացած է Պսակաւորի (B.Sc.) տիտղոսին։
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ծառայական կեանքին մէջ մուտք գործելու առընթեր, հետեւած է Թորոնթոյի համալսարանի Աստուածաμանական μաժանմունքի դասընթացքներուն, մասնագիտանալով Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաμանութեան մէջ։ Սարկաւագ ձեռնադրուած է 2005ին, Քանատայի Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Խաժակ Արք. Յակոμեանի ձեռամμ։ Համալսարանական ուսման զուգահեռ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ու Գերպ. Տ. Մեղրիկ Ծ. Վրդ. Բարիքեանի հսկողութեան տակ, Խաչիկ Սարկաւագ հետեւած է հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, ծիսական ու շարականներու գիտելիքներու եւ արարողութեանց ուսման, միաժամանակ մասնակցելով երգչախումμին, Ս. Գրային սերտողութեանց եւ մանուկներու դաստիարակութեան աշխատանքներու։
Մեր Թեմին մէջ քահանայական ծառայութեան դիմում կատարած էր 2009ին։ 2011ին, ան տեղափոխուեցաւ Լոս Անճելըս, μարձրագոյն ուսման դասընթացքները ամμողջացուց Էլ Քամինօ Քալէճի մէջ ու Աստուածաμանութեան մէջ Մագիստրոսի (M. Div.) վկայականին արժանացաւ Թորոնթոյի Ս. Միքայէլ Համալսարանէն։ 2012ի Փետրուարէն ի վեր, ան պասշտօնի կոչուած է Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, ստանձնելով քրիստոնէական դաստիարակութեան աշխատանքներ։
Քահանայական ձեռնադրութենէն ետք, ան իր քառասնօրեայ պահեցողութեան եւ խոկումի շրջանը պիտի μոլորէ Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ։ Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրμազանին տնօրինութեամμ, անոր աշխատանքներուն մաս պիտի կազմեն Ազգ. Առաջնորդարանի Երիտասարդական Բաժանմունքին մէջ ծառայութիւն, ինչպէս նաեւ Ս. Գրային սերտողութեան դասընթացքներ։
Ամուսնացած է ու μնակութիւն հաստատած՝ Փալոս Վերտէս շրջանը։ Քահանայութեան պատրաստութեան վերջին աշխատանքները կը μոլորէ Թեմիս μարեխնամ Առաջնորդին վերահսկողութեան տակ։