Երկուշաբթի, 15 Յուլիս 2019-ին, նախաձեռնութեամբ «Ի Պաշտպանութիւն Քրիստոնեաներու» կազմակերպութեան եւ մասնակցութեամբ Միջին Արեւելքի եւ Ամերիկեան քրիստոնեայ եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներու, Ուաշինկթընի մէջ տեղի պիտի ունենայ միջ-եկեղեցական հաւաքական աղօթք մը, ի զօրակցութիւն Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն, որոնք շարունակական հալածանքի ու նեղութեան կ’ենթարկուին Միջին Արեւելքի վերիվայրումներուն հետեւանքով։
Արարողութեան թեման է «Քրիստոնէական նախադարեան եկեղեցին. միջ-եկեղեցական աղօթք Միջին Արեւելեան լեզուներով»։ Յայտագիրին մաս կը կազմեն աղօթքներ՝ Արաբերէն, Արամերէն, Հայերէն, Ղըպտերէն, Յունարէն եւ այլ լեզուներով։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան մասնակցութիւն պիտի բերէ արարողութեան։
Յաջորդ օր, նախաձեռնութեամբ Հայ Դատի յանձնախումբին, Առաջնորդ Սրբազանը հանդիպումներ պիտի ունենայ համայնքի եւ պետական ներկայացուցիչներու հետ։