– ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՀՕՄ-Ի ՆՆՋԵՑԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԻ ՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Կիրակի, 25 Փետրուար 2018ը, Մեծ Պահոց երրորդ Կիրակին է, որ կը կոչուի Անառակի Կիրակի։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։
Ս. Պատարագի աւարտին, Մայր Տաճարի վերանորոգման առթիւ, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի կատարէ գոհաբանական աղօթք, ինչպէս նաեւ Տաճարի ատեանի աջակողմեան ու ձախակողմեան պատերու սրբապատկերներու օծումն ու օրհնութիւնը։
Ս. Պատարագէն ետք, օրհնութիւնն ու բացման արարողութիւնը պիտի կատարուի հոգելոյս Տ.
buy priligy online https://blackmenheal.org/wp-content/languages/new/noprescription/priligy-no-prescription.html no prescription
Սմբատ Արք. Լափաճեանի յիշատակին կառուցուած թանգարան-գրադարանին։
Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք, «Բաղրամեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ճաշկերոյթ։
Տնօրինութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ խնդրանքովը ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի ՀՕՄ-ի հին ու նոր ննջեցեալ ծառայողներու եւ բարերարներու հոգիներու խաղաղութեան համար։ Ծանօթ է, որ այս տարի 30-րդ տարելիցն է Սումկայիթի ահաւոր սպանդներուն, հետեւաբար, նոյն օրը հոգեհանգիստ պիտի կատարուի Սումկայիթի, ինչպէս նաեւ Արցախեան ինքնապաշտպանութեան մարտերուն ինկած բոլոր նահատակներուն համար։
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը, որ խուռներամ մասնակից ըլլայ մեր ննջեցեալներուն ու նահատակներուն յիշատակին մատուցուող աղօթքին։