Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնին՝ Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Երեքշաբթի, 24 Դեկտեմբեր 2019ը տօնն է Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին եւ առաջին մարտիրոսին, որ նաեւ տօնն է սարկաւագներու եւ Ս. Խորանին սպասարկողներուն։

Թեմիս եկեղեցիներէն ներս, Ս. Ստեփանոսի տօնը պիտի նշուի Կիրակի, 22 Դեկտեմբերին։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, պիտի ուղղէ իր պատգամը վեր առնելով Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վարքն ու ծառայութիւնը, եւ պիտի օրհնէ սարկաւագներն ու Ս. Խորանի սպասարկողները։

Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022