Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Երեքշաբթի, 25 Դեկտեմբեր 2018ը Սուրբ Ստեփանոս նախասարկաւագին եւ քրիստոնէութեան առաջին մարտիրոսին տօնն է։ Սուրբ Ստեփանոսի տօնը նաեւ տօնն է սարկաւագներուն եւ եկեղեցւոյ Ս. Խորանին սպասարկողներուն։
Այս առիթով, Կիրակի, 23 Դեկտեմբերին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը, վեր առնելով Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վարքը, նահատակութիւնն ու ինքնամատոյց ծառայութեան իմաստը, ապա, պիտի օրհնէ սարկաւագները։
Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի քարոզէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։